2017-09-20 09:22:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։


Անբախտին հետ խորհրդակցի՛ր

Բախտ փնտռելու հին եւ նոր ձեւեր կան: «Հինը» այն էր, երբ հայրենի օճախն ու երկիրը իրենց ետին թողած, մարդիկ կը պանդխտանային օտար երկիրներու մէջ իրենց բախտը փնտռելու եւ երբեմն ալ չար դիպուածի կամ մահուան հանդիպելով՝ տուն չէին վերադառնար… Բախտ փնտռելու «նոր» ձեւերուն մասին խօսելու պարագային աւելորդ կը համարենք թուարկել զանոնք, որովհետեւ ներկայ աշխարհի ամէնօրեայ նորութիւններուն շարքին, ամէն տեղ կարելի է հանդիպիլ մարդոց, որոնք բախտ որոնելու ընթացքին մէջ են:

Հայրենիքէն հեռանալով եւ իրենց երկրին մէջ առաջարկուած համեստ աշխատանք մը կատարել մերժած  անձերը, օտար երկրի ամէնէն քիչ վճարուած գործերը եւ սեւ աշխատանքները կը կատարեն, ինքնախաբէական այն մտածումով, որ ոչ ոք կ՛իմանայ իրենց նուաստացման մասին կամ կը տեսնէ զիրենք գործի պահուն:

Աշխատասէր անձը իր երկրին մէջ անպայման կրնայ գործ գտնել եւ կարիք չունենար օտար երկրի մէջ «բախտ փնտռելու». իսկ գտած «բախտն ալ», այս պարագային, իրեն չվայելող աշխատանք մը կատարելն է: Միւս կողմէ, ծոյլ անձը  ի զուր է որ շրջագայի աշխարհով մէկ, միայն ժամավաճառ պիտի ըլլայ իր բախտը փնտռելու ձեւական աշխատանքը:

Վիճակահանութեան տոմսերուն մէջէն հաւանական մեծագոյն պարգեւը շահելու երազանքով որքա՜ն մարդիկ ամէն շաբաթ «տասանորդ» կը վճարեն վիճակախաղեր կազմակերպող հաստատութիւններու: Այլեւս սովորութենական դարձած սոյն արարքը երթալով կիրքի կը վերածուի շատերու մօտ, որոնք առանց ուրիշին վնասելու եւ միայն իրենց սահմանափակ եկամուտին առաւել հարուած հասցնելով, յոյս կը կապեն գունագեղ այդ թղթիկներուն:

«Բախտ չունիմ» բացատրութիւնը շատեր կը գործածեն իբրեւ ելք, որեւէ դժուարին կացութեան կամ անյաջողութեան պարագային: Գործի մը ձեռնարկելով երբ ձախողին ոմանք, շուտով յանցաւոր մը կը փնտռեն իրենց մօտակայ կամ հեռաւոր շրջապատին մէջ: Ո՛չ ոք կ՛ուզէ ինքնաքննութեամբ ինքնաքննդատութիւն կատարել, իր մէջ փնտռելու համար տուեալ ձախողութեան պատճառը:

Բախտ փնտռելու նոր ձեւերուն նորագոյնն է լաւ գործ ունենալը: Այս նպատակով որքա՜ն միջնորդութիւններու կը դիմեն մարդիկ, ծանօթութիւններու միջոցաւ հասնելու իրենց համար յարմար եւ նիւթապէս շահաւէտ աշխատանքի:

Անբախտներուն կարեւոր բախտաւորութիւններէն մէկը այն է, որ անոնք բնաւ չեն դադրիր երազելէ, եւ լուսապայծառ ապագային սպասելու յոյսը երբեք չի՛ խամրիր իրենց մէջ: Ուրեմն, նոյնիսկ անբախտները բախտաւոր կրնանք համարել, իրենց ունեցած այս երկու երկնատուր պարգեւներուն պատճառով. ա) անդադրում երազանք եւ բ) յուսադրուած սպասում:

Վերոյիշեալ երկու առաւելութիւններուն՝ երազանքին եւ յոյսին համադրութիւնը, անբախտներուն մէջ կը վերածուի հզօր տրամաբանութեան: Անոնք իրենց անբախտութեան մէջ կը ծրագրեն ապագան, երազանքներու արդիւնքը ամփոփելով, ինչպէս նաեւ յոյսի ակնոցով դիտելով անյուսութեան օրերը…

Անբախտն է որ գիտէ բախտաւոր ըլլալուն արժէքը, մինչ բախտաւորը թեթեւ կը մօտենայ իրեն պարգեւուած բախտին:

Աշխարհի համայն մարդկութիւնը կրնանք բաժնել երկու խումբի.

ա) Բախտաւորներ եւ

բ) Անբախտներ:

Վերոյիշեալ երկու խումբերուն պատկանող հսկայական «բանակներ» կան մարդկային ընկերութեան մէջ: Մէկուն տկարացումով միւսը չի՛ զօրանար, ո՛չ ալ երկրորդին չքացումով առաջինները աւելի կը բախտաւորուին: Ամէն մարդ իր տեսակը կ՛իրագործէ միայն, որովհետեւ բախտ փնտռելը հնաբոյր կեանքի ոճ դարձած է: Իւրաքանչիւր անձ իր ձեռքով իր բախտը իր քով պէտք է հրաւիրէ, քան թէ անոր ետեւէն վազելու հեւասպառ անտեղի ճիգեր ի գործ դնէ:

Յիշեցնելու կարգով ըսենք, որ անբախտը մարդկութեան կեանքին մէջ մերժելի տարր մը չէ՛: Անոր անբախտ ըլլալը իրեն համար դժբախտութիւն մըն է եւ ներքին մղձաւանջ, սակայն անիկա կրնայ օգտակար հանդիսանալ բախտաւորին ո՛չ միայն ճանչնալու իր բախտաւոր անձ մը ըլլալը, այլեւ տնօրինելու իր կեանքը այնպիսի տրամաբանական կառուցուածքով, որ արժեւորուի թէ՛ իր բախտաւոր ըլլալը եւ թէ ապրած բախտաւոր կեանքը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.