2017-09-20 13:29:00

Ատրպէյճանը ԻՀԿ անդամ երկիրներուն կոչ կ՝ընէ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը սահմանափակելու


Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի ծիրէն ներս տեղի ունեցած է Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան «Ղարաբաղի հարցով շփման խումբ»-ի հանդիպումը:

Այս հանդիպման ընթացքին՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը կոչ ըրած է բոլոր ջանքերը գործադրելու «Հայաստանի նախայարձակումը դադրեցնելու համար» եւ սահմանափակելու բոլոր տեսակի համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ: Մամետեարովը այդ երկիրներուն նաեւ կոչ ըրած է չարտօնելու իրենց տարածքով զէնքի եւ ռազմամթերքի տարանցումը Հայաստան։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ռատիոկայանը:

«Ղարաբաղի հարցով շփման խումբ»-ը Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ ստեղծուած է Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ` 2016-ին Պոլսոյ մէջ կայացած կազմակերպութեան գագաթնաժողովին ժամանակ: Խումբը կազմուած է ԻՀԿ-ի անդամ աւելի քան հինգ տասնեակ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.