2017-09-18 12:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ մը գրած է Ճափոնի եպիսկոպոսներուն


«Ռատիօ Վատիկան» Ժողովուրդներու աւետարանացման խորհուրդի կառավարիչ՝ Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնիի Ճափոն կատարած առաքելական ճամբորդութեան առիթով, որ սկիզբ առաւ այսօր՝ երկուշաբթի, 18 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ նամակ մը գրած է  Ճափոնի եպիսկոպոսներուն, որուն սկիզբը  յիշած է Ճափոնի մարտիրոսները, որոնք իրենց կեանքը զոհեին  քրիստոնէական հաւատքի վկայութեան համար, սկսեալ Սուրբ Պօղոս Միքիէն եւ անոր ընկերներէն. ապա  նշած է , թէ սոյն մարտիրոսներու հսկայ փաղանգէն, Ճափոնի եպիսկոպոսները  ժառանգած են  հոգեւոր հարստութիւն եւ կը շարունակեն  գործել սոյն աւետարանացման ի սպաս։

Նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնած է Ճափոնի  եպիսկոպոսներուն՝ անոնց տկարներուն հանդէպ տածած  աշխատանքներուն համար,  ինչպէս նաեւ միջ-կրօնական երկխօսութեան, մշակութային զարգացման եւ արարչութեան պահպանման ի սպաս ցուցաբերած ջանքերուն  համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձած է  Ճափոնի մէջ եկեղեցւոյ միսիոնարական յանձնառութեան վրայ նշելով, թէ եթէ այդ կաթողիկէ է՝ ապա պէտք է ըլլայ Տիեզերական եւ բացուի աշխարհի՝ մղուած  Քրիստոսի սէրէն. պէտք է միշտ կեանքը զոհելու պատրաստակամ գտնուի։  Ուստի  հրաւիրած է  եպիսկոպոսները որդեգրելու ոչ թէ կղզիացումի կեցուածք այլ՝  անձնուիրումի՝ Քրիստոսի սիրոյն համար։     

Սրբազան Հայրը  հուսկ Ճափոնի եպիսկոպոսներուն ուշադրութեան յանձնած է  եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը, ընդգծելով  որ եկեղեցին աշխարհի աղն ու լոյս կը հանդիսանայ։ «Որպէս աղ,  Եկեղեցին   պարտականութիւնը ունի աշխարհը կաշառակերութենէ զերծ պահելու եւ անոր համ շնորհելու։ Իսկ որպէս լոյս՝  եկեղեցին  պէտք է  խաւարի գերիշխանութեան արգելք  հանդիսանայ, եւ յստակ տեսողութիւն ապահովէ իրականութեան շուրջ» գրած է Ան։   

Ֆրանչիսկոս Պապ Ճափոնի եպիսկոպոսներուն յանձնարարած է,  որ ժամանակակից անթիւ մարտահրաւէրները զիրենք չմատնեն յուսահատութեան, ապա յայտնած է կարգ մը մտահոգութիւններ , ինչպէս  ամուսնալուծուածներու եւ անձնասպանութեան ենթականերու բարձր թիւը, որոնց շարքին անթիւ երիտասարդներ։ Ան մտահոգութիւն  յայտնած  է նաեւ   այն անձերուն նկատմամբ,  որոնք իրենց կեանքը կʼապրին անջատուած ընկերային կեանքէն, ինչպէս նաեւ աղքատներուն թիւի աճումին  համար ։  Այս հարցին  կապակցութեամբ Սրբազան Հայրը  հրատապ եւ անհրաժեշտ նկատած է որ Ճափոնի եկեղեցին աւետարանացման բնագաւառէն ներս  ըլլայ միսինորական ու կորովի, ինչպէս եղան Ճափոնի անթիւ մարտիրոսները, անցեալի  հաւատքի դաւանողները։   








All the contents on this site are copyrighted ©.