2017-09-18 13:40:00

Երեւանի մէջ մեկնարկեց Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովը


Համաժողովի բացումին ներկայ էին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ․ կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոս,  ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ եւ աւելի քան 1500 մասնակից 70 երկիրներէ,:

Համաժողովի մեկնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։ Ան իր խօսքին մէջ նշեց ․ «Սիրով եւ ջերմութեամբ կ՛ողջունեմ Ձեզ մայր հայրենիքի մէջ եւ կ՛ըսեմ` բարով եկած էք ազատ ու անկախ Հայաստան` ձեր հայրենիք»:

Ան յայտնեց, որ այս համաժողովին կը մասնակցին աւելի քան 1800 ներկայացուցիչներ 71 երկրէ. անոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմեն մտաւորականները, գործարարները: «Մեծ պատուիրակութիւններ ժամանած են Միացեալ Նահանգներէն, Արժանթինէն, Ֆրանսայէն, Իրանէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն, Թուրքիայէն եւ Արցախէն: Համաժողովին կը մասնակցին Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, տարբեր երկիրներու պատգամաւորներ, նախարարներ, տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ: Համոզուած եմ` ձեր գործնական դիրքորոշումներով, իրատեսական հարցադրումներով պիտի հարստացնենք Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը եւ պիտի նպաստենք ատոր զարգացման»,-նշեց Սփիւռքի նախարարը:

Այնուհետեւ համայն հայութեան օրհնութեան խօսք ուղղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ «Մեր պետութիւնը` թէեւ բազում դժուարութիւններու առջեւ, համայն հայութեան պատուարն է եւ մեր ժողովուրդի գոյատեւման  երաշխաւորը: Այսօր ժամանակն է, որ դառն փորձութիւններու ծանրութիւնը կրած մեր երկիրն ու ժողովուրդը կարենայ ամուր քայլերով ընթանալ վերելքի ուղիով, որ կը պահանջէ ուժերու ու կարողութիւններու ամբողջական կեդրոնացում ու համախմբում: ․․․Հայրենաբնակ թէ սփիւռքահայ` հայրենիքի եւ ազգի հանդէպ կը կրենք նոյն պատասխանատուութիւնը: Հայրենիքէն կարելի չէ երես դարձնել ձախողած գործի եւ կամ տեղ գտած անարդարութեան պատճառով: Հայրենիքէն կարելի չէ երես դարձնել, եթէ այն նեղութիւններու, փորձութիւններու ու մարտահրաւէրներու առջեւ է կամ նուազ հարուստ ու յարմարաւէտ է: Զինուորն ու ծառան ենք հայրենիքի: Այս պիտի ըլլայ մեր նշանաբանը: Հայրենիքը մենք պիտի սիրենք այն պարզ պատճառով, որ մերն է, մեր հայրերի արեամբ ու քրտինքով նուիրագործուած եւ մեզի աւանդուած: Հայրենիքոց զօրեղ է իւրաքանչիւրը` իբրեւ ազգի զաւակ, իբրեւ կրողն ու շարունակողը հայրենեաց ժառանգութեան, իսկ զօրութիւնը հայրենիքի մեր ժողովուրդն է` ի հայրենիս եւ ի սփիւռս միասնաբար»,– ըսած է կաթողիկոսը:ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջունելէ ետք համաժողովի մասնակիցները, իր ելոյթի ընթացքին առաջարկեց այս համաժողովը օգտագործել որպէս Հայաստան-սփիւռք ռազմավարական երկխօսութեան հարթակ, ուր միասնականութեան եւ բազմակարծութեան ոգով տեղի ունեցող քննարկումներու արդիւնքով ծնին ապագային միտուած նոր գործողութիւններու ծրագիրներ` Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի համայնքներու զարգացման ու հզօրացման համար:

Ան անդրադարձաւ Հայաստանի այժմեան ժողովրդագրական պատկերին եւ արտագաղթի մտահոգիչ երեւոյթին, որոնք հետեւանք են քառորդդարեայ առարկայական եւ ենթակայական բազմաթիւ գործօններու: «Առաջիկայ բոլոր տարիներու մեր քայլերը պիտի ուղղուին Հայաստանի մէջ բնակչութեան բնական աճը աւելցնելուն։

«Մենք կը յայտարարենք, որ մեր նպատակն է, որպէսզի Հայաստանը 2040 թուականին ունենայ առնուազն 4 միլիոն բնակիչ: Ակնյայտ է, որ միայն ծնելիութեան մակարդակը աւելցման, մարդոց կեանքի տեւողութեան երկարացման եւ ժողովրդագրական պատկերը բարելաւող միւս քայլերով մենք այդ նպատակին դժուարութեամբ կը հասնինք ` թէեւ այդ ուղղութիւններով հաստատակամօրէն առաջ պիտի երթանք: Հետեւաբար նպատակադրումը կ՛ենթադրէ գալիք 25 տարիներու ընթացքին դէպի Հայաստան ներգաղթի լուրջ ցուցանիշներու ձեռքբերում»:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ կարեւոր ու պահանջուած համարեց բարձր մակարդակով կազմակերպուած այս համաժողովը ե՛ւ Մայր Հայաստանի, ե՛ւ Սփիւռքի, ե՛ւ Արցախի համար, ընգծելով, որ խնդիրները, որոնք ընդգրկուած են համաժողովի օրակարգին մէջ, ունին ռազմավարական նշանակութիւն մեր պետականութեան շարունակական զարգացման հեռանկարներու նախանշման տեսանկիւնէ:Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս իր ողջոյնի խօսքին մէջ յոյս յայտնեց, որ ներկայ համաժողովը կը դառնայ Հայաստան-Սփիւռք իրապաշտ երկխօսութեան եւ համահայկական խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու լուրջ քննարկման եզակի առիթ։

«Աւելի քան 25 տարիներու մեր փորձառութեան լոյսին տակ, փոխադարձ վստահութիւնն ու պատասխանատուութիւնը, աւելի ճիշդ է ըսել հաւաքակա՛ն պատասխանատուութիւնը, գեղեցիկ լոզունգէ անդին՝ կեանքի պէտք է վերածուի՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միջեւ դերերու յստակեցումով, առաջնահերթութիւններու ճշդումով ու գործակցութեան նոր որակ տալով։ Ա՛յս է մեր ազգը իր հայրենիքով ու Սփիւռքով դէպի պայծառ ապագայ առաջնորդող միակ ապահով ճամբան։ Ա՛յս գիտակցութեամբ հարկ է համազգային մտածողութեան մշակոյթ ստեղծել, հաւաքաբար ծրագրել ու գործել։ Ա՛յս տեսլականով հարկ է բացուիլ նոր հորիզոններու ու քաջօրէն դիմագրաւել մեզ շրջապատող մարտահրաւէրներն ու տագնապները»։

Համաժողովի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենան թեմատիկ նիստեր` Հայաստանի զարգացման հիմնախնդիրներ, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանական քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները ժամանակակից մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ, արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ, հայապահպանութեան հիմնախնդիրներ:

Համաժողովի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ նաեւ Համահայկական խորհուրդի ստեղծման եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան յետագայ զարգացման հարցերով աշխատանքային խումբի խորհրդակցութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.