2017-09-18 11:14:00

«Բարեգործութիւնը խօսքեր չի սիրեր». Հոգեշնորհ Տէր Անդրանիկ Ծ.Վ. Այվազեան


Սեպտեմբեր 15-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ճեզիրէի (Սուրիա) թեմի առաջնորդ Հոգեշնորհ տէր Անդրանիկ ծայրագոյն վարդապետ Այվազեանը:

 Ողջունելով հիւրը` նախարարը կարեւոր համարեց անոր ազգանուէր գործունէութիւնը, հայապահպանութեան ուղղուած բարեսիրական ծրագիրները, աշխոյժ մասնակցութիւնը Սուրիոյ հայկական համայնքի վերականգնման աշխատանքները:

Քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին մասնակցութեան,  համայնքի իրավիճակին, խնդիրներուն ու հեռանկարներուն վերաբերող հարցեր:

Հոգեշնորհ տէր Անդրանիկ ծայրագոյն վարդապետ Այվազեան շնորհակալութիւն յայտնեց արդիւնաւէտ հանդիպման համար, նախարարին ներկայացուց իրականացուցած աշխատանքները, բարեսիրական ծրագիրները, պատրաստակամութիւն յայտնեց մասնակցելու նախարարութեան նախաձեռնած «Սահմանապահ գիւղերու աջակցութիւն» շարժումին, աշխուժացնելու մասնակցութիւնը նախարարութեան ծրագիրներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.