2017-09-16 12:22:00

Ֆրանչիսկսո Պապ. «խորացնել բարեպաշտութիւնը Յիսուսի Սուրբ Սրտին հանդէպ»։


«Ռատիօ Վատիկան» Հռոմի մէջ կը գումարուի Յիսուսի Սուրբ Սրտին Առաքեալներու Միաբանութեան ընդհանրական ժողովը, որուն բնաբանը առնուած է Յովհաննէսի Աւետարանէն՝ «Անոյշ գինին պահեցիր միչեւ հիմա» (Յովհ Բ. 10)։ Շաբաթ, 16 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց ժողովի մասնակիցներուն, ողջունելով զանոնք ջերմօրէն եւ յորդորելով միասնաբար աղօթել եւ խորհրդածել միաբանութեան շնորհապարգեւին շուրջ, ուշադրութիւն դարձնել թէ Տէրը ի´նչ ճանապարհ ցոյց կու տայ՝ այժմէականացնելու եւ բեղուն դարձնելու շնորհապարգեւը, որ Սուրբ Հոգին տուած է Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի՝ Միաբանութեան հիմնադիր՝ Հայր Ժան Ժիւլ Շըւալիէի միջոցաւ։

Սրբազան Պապը ժողովի բնաբանը նկատեց մասնաւորապէս նշանակալից եւ ըսաւ՝ «եթէ դուք գիտակից էք եւ երախտագէտ առաքելական ծրագիրներու եւ գործերու թանկագին ժառանգին, որոնք շնորհապարգեւը մինչեւ այսօր արտայայտած էր Հաստատութեան կէս դարու պատմութեան մէջ՝ շնորհիւ եղբայրակիցներու հաւատարմութեան, այն ժամանակ լաւ պիտի հասկնաք, որ անոր հարուստ կարողականութիւնը Եեկղեցւոյ եւ աշխարհի համար չեն սպառած։»

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց, որ Միաբանակիցները կատարեն քաջարի որոշումներ եւ իրենց վստահուած առաքելութեան ստեղծագործ արտայայտութիւններ, որոնք համապատասխանեն ներկայ աշխարհի պայմաններուն, հրամցնելով Աւետարանի «լաւ գինին»՝ բոլորին բաշխելով ուրախութիւն եւ յոյս։

Սրբազան Հայրը յիշեցուց հիմնադրի նախնական խանդը՝ «խորացնել բարեպաշտութիւնը Յիսուսի Սուրբ Սրտին հանդէպ»։ Ան ըսաւ՝ «Այսօր դուք կը հասկնաք եւ կʼայժմէականացնէք այդ խանդը, արտայատելով զայն գործերու եւ արարքներու բազմազանութեամբ, որոնք կը վկայեն Յիսուսի գորովալի եւ ողորմած սէրը՝ բոլորին հանդէպ, եւ յատկապէս մարդկութեան ամենէն կարիքարւոր զանգուածներուն հանդէպ։» Սրբազան Պապը ապա հրաւիրեց, որ «դառնան առաջին եւ միակ սիրոյն», ակնարկը սեւեռելով Յիսուս Քրիստոսի վրայ, որպէսզի Անկէ սորվին սիրել՝ մարդկային սրտով, փնտռել կորսուած եւ վիրաւոր ոչխարները եւ հոգ տանիլ անոնց, ջանք թափել ի սպաս արդարութեան եւ զօրակցիլ տկարներուն եւ աղքատներուն, յոյս եւ արժանապատուութիւն տալ ճնշուածներուն, երթալ այնտեղ՝ ուր մարդկային էակ մը կը սպասէ որ մէկը զինք լսէ եւ իրեն օգնէ։ Եկեղեցին ձեզ իբր առաքեալներ աշխարհ կʼուղարկէ, որպէսզի ձեր անձերու միջոցաւ եւ ձեր գործերով ցոյց տաք Աստուծոյ սիրատարափ եւ գթառատ սէրը՝ փոքրերուն, խոնարհներուն, անպաշտպաններուն եւ դուրս լքուածներուն հանդէպ։»

«Ձեր հաստատութիւնն ալ, աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապ, ինչպէս ուրիշներ, վերջին տասնամեակներուն ապրած է անդամներու որոշ նուազում մը, մինչ կոչումներու աճը հարաւային Ամերիկայի, Ովկեանիայի եւ Ասիոյ մէջ ձեզ կը հանգստացնէ եւ ձեզի յոյս կու տայ ներկայի եւ ապագայի համար։ Այսպէս, նաեւ երիտասարդներու քրիստոնէական կազմաւորումը, որ ձեր շնորհապարգեւի այլ մէկ արտայայտութիւնն է, պիտի կարենայ երաշխաւորուիլ եւ աճիլ հաստատութեան գործերուն ծիրէն ներս։ Այսօր հրատապ է նոր սերունդները դաստիարակելու եւ անոնց ընկերանալու պարտականութիւնը, սորվեցնել անոնց մարդկային արժէքներ եւ մշակել կեանքի եւ պատմութեան տեսիլք մը՝ Աւետարանի հոգիով։ Սա Եկեղեցւոյ աւետարանումի առաքելութեան ճակատներէն մէկն է, որուն պէտք է ընթանայ բոլոր քրիստոնեայ հասարակութիւնը։»

Յիսուսի Սուրբ Սրտին Առաքեալներու Միաբանութիւնը այսօր լաւ թիւ մը կը կազմէ, որոնց շարքերուն մէջ էական մաս մըն են կրօնաւոր եղբայրները։ «Կը խնդրեմ ձեզմէ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, մի սայթաքիք կղերապետութեան չարիքին մէջ, որ ժողովուրդը եւ յատկապէս երիտասարդները կը հեռացնէ Եկեղեցիէն։ Ապրեցէք եղբայրական հոգիով, որ կʼընդունի բազմազանութիւնը եւ կʼարժեւորէ իւրաքանչիւրի հարստութիւնը։ Մի վախնաք շարունակել աճեցնել հաղորդութիւնը աշխարհականներու հետ, որոնք կը համարգործակցին ձեր առաքելութեան, զանոնք ըրէք մասնակից ձեր գաղափարականներուն եւ ծրագիրներուն, եւ բաժնեկից ըրէք զանոնք այն հոգեւոր հարստութեան, որ կը բխի Հաստատութեան շնորհապարեգեւէն։ Անոնց եւ կանացի միաբանութեան քոյրերու հետ միասին, նոր կորով պիտի առնէ աւելի մեծ ʼքարիսմաթիք ընտանիքʼ մը, որ աւելի լաւ կերպով ցոյց պիտի տայ հիմնադրի շնորհապարգեւին կենսունակութիւնը եւ այժմէականութիւնը։»

Պատգամի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ հայցեց Աստուածածնի մայրական բարեխօսութիւնը եւ օրհնեց միաբանութեան անդամները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.