2017-09-16 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 16 սեպտեմբերի թուիթը. կենսոլորտի բարելաւման ի սպաս


«Ռատիօ Վատիկան» Շաբաթ, 16 սեպտեմբրին, Ֆրանչիսկոս Պապ թուիթերեան կայքին վրայ հրապարակեց նոր թուիթ մը,  կենսոլորտի բարելաւման  վերաբերեալ։ Այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը գրեց, թէ կարիքը կայ համաշխարհային գործողութեան, դիմագրաւելու համար կենսոլորտի ապականացման եւ աղքատ երկիրներու աճումի հարցերը։    

«Կարիքը կայ Համաշխարհային գործողութեան.  միաժամանակ դիմագրաւելու  ապականացման նուազեցումը  եւ աղքատ երկիրներու զարգացումը». Գրեց Սրբազան Հայրը ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.