2017-09-16 08:25:00

Հայաստանի ծնողազուրկ հաշմանդամ երեխաներուն օգնութեան հիմնադրամի թելեթոնը ԱՄՆ-ի մէջ


Հինգշաբթի` Սեպտեմբեր 21, 2017-ին, մեր հայրենիքի վերանկախացման տարեդարձին առիթով, աշխարհատարած ողջ հայութիւնը, արդար հպարտութեամբ պիտի նշէ մեր հայրենիքի քսանվեցամեայ անկախութիւնն ու նուաճումները եւ, ի հարկէ, պիտի մաղթէ, որ շուտափոյթ լուծում գտնեն իր դժուարութիւնները, տեղքայլերը եւ ընկրկումները:

Ա.Մ.Ն.ի Կլէնտէլ քաղաքին մէջ, տօնական եւ միասնականութեան ամենէն գեղեցիկ օրինակը տալով, այդ օր, Սեպտեմբեր 21, 2014, կէսօրէ ետք  ժամը 4-էն մինչեւ կէս գիշեր` ժամը 12-ը AABC-TV-էն եւ ARTN TV 388-էն տեղի պիտի ունենայ  մեր քաղաքին մէջ հայրենակերտման, ազգակերտման եւ մարդակերտման ամենէն գեղեցիկ, սուրբ եւ պատուական գործին, հայրենի ծնողազուրկ, հաշմանդամ եւ կարիքաւոր երեխաներուն օգնութեան ի նպաստ, ճոխ եւ խիստ հետաքրքրական 18-րդ տարեկան թելեթոնը:

Այս տարի եւս, ինչպէս անցած Յուլիս 2016-2017 թուականին, ֆոնդիս նախագահ՝ Յովհաննէս Բալայեանի միջոցաւ մեծաշուք բացումը կատարուեցաւ Գիւմրիի 2-րդ մանկա-դպրոցական «Լապտերիկ», 34 հազար քառ. ոտք տարածք ունեցող, բոլորովին անգործածելի շէնքը: Իսկ այսօր, «Լապտերիկ»-ը դարձած է 300-է աւելի Գիւմրիի մանուկներուն համար պալատանման մասնաշէնք, եւ ինչո՞ւ չէ, սեփականութիւն…

Ֆոնդի Գործադիր Մարմինը մեծ ուրախութեամբ հպարտ է յայտնելու, որ մեր ազնիւ, բարեխիղճ հայրենակիցներու օգնութեամբ եւ միջոցաւ, միայն Գիւմրիի մէջ տաս ամսուան 2016-2017-ի ընթացքին հիմնովին վերափոխուեցան, աւերուած  եւ անգործածելի վիճակի մէջ գտնուող երկու մասնատուներ (56 հազար քառ. ոտք տարածքով): Միայն այդ երկու կառոյցներուն մէջ այսօր ապահով, հանգիստ պայմաններու մէջ կ’ապրին կամ կը յաճախեն 600-ի շուրջ մանուկ երեխաներ եւ պատանիներ:

Իսկ տարիներու ընթացքին հինադրամին կողմէ վերանորոգուած 9 (ինն) մանկատուն-դպրոցներէն կ’օգտուին 1900-է աւելի մեր հայրենի ազիզ երեխաները: Աստուա՜ծ իրենց պահապան…

Տեղին է յիշեցնել, որ 1999 թուականէն` մեր հիմնադրման օրէն, ամէն տարի Ս. Ծննդեան տօներու նառիթով, Կաղանդ Պապան՝ Ձմեռ Պապիկն ու Ձիւնանուշը կ’այցելեն, նուէրներ կը բաժնեն եւ հանդիսութիւններ կը կազմակերպուին Երեւանի Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ, որմէ յետոյ պատանի արուեստագէտներու խումբը կ’այցելէ 30-40 քաղաքներ, ի մասնաւորի գիւղեր, մինչեւ յատկապէս սահմանային շրջաններ համերգներով եւ նուէրներով կ’ուրախացնեն հազարաւոր մեր փոքրիկ սիրասուն երեխաները, զանոնք կայտառ պահելով եւ ինչո՞ւ չէ, անոնց պատգամելով, որ մենք իրենց երբեք չենք մոռնար…

Տեղին է յայտնել, որ ֆոնդի միջոցաւ տարիներու ընթացքին 1800-է աւելի մեծածաւալ արկղերով ուտելիքներ եւ հագուստեղէն  առաքուած է Հայաստանի որոշ մանկատուներ:

Արդարեւ, որքան տարիները թաւալին, այնքան կը պայծառանայ եւ կը տեսնուի, այս հիմնադրամի Աստուածահաճոյ աշխատանքին գեղեցիկ արդիւնքը: 18 տարիներու ընթացքին հայրենաբնակ բազմահազար մանուկներ օգտուած են այս հիմնադրամի ծառայութիւններէն, կառուցած եւ նորոգած շէնքերէն, եւ այսօր անոնցմէ շատերը արդէն մեր հայրենիքի պահպանման եւ  հզօրացման աննկուն երիտասարդներն են:

Անոնցմէ շատերը Հայրենիքի եւ Արցախի սահմաններուն վրայ նենգ թշնամիէն մեր ժողովուրդը պաշտպանող քաջարի զինուորներն են, իսկ քաղաքին մէջ՝ պարկեշտ եւ նուիրեալ, հայրենասէր երիտասարդներն  են, որոնք իրենց նպաստը կը բերեն հայրենակերտման գործին:

18 տարի առաջ Կլէնտէլ ապրող խումբ մը հայեր, գլխաւորութեամբ գաղութիս ծանօթ հրապարակագիր, ազգային-հասարակական՝ «Քաջ Նազար» հեռատեսիլի, նոյն անունով լոյս տեսնող ամսաթերթի հիմնադիր, վարիչ եւ խմբագիր՝ Յովհաննէս Բալայեանի, հիմը դրին այս հայրենանուէր գործին:

Սկիզբը այս հիմնադրամը տօնական նուէրներ կը հասցնէր հայրենիքի ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ պզտիկներուն, ապա լծուեցան աւելի անհրաժեշտ գործի մը, որն է՝ նորոգել Հայաստանի մանկատուները,  դպրոցներ եւ  որոշ կեդրոններ նորոգել հիմնադրամի կարողութիւններուն համաձայն:

Իսկ այս տարուան թելեթոնի գումարով պիտի նորոգուի Սպիտակ քաղաքի Թիւ 1 մանկապարտէզ-նախակրթարանը, ինչպէս նաեւ այդ քաղաքի մշակոյթի կեդրոնը, եւ Սպիտակի միակ մարզահամալիրի պասքէթ-պոլի հսկայածաւալ փակ սրահը:

Այս կրթական եւ սպորտի հաստատութիւններէն պիտի օգտուին մօտ 1500 պատանիներ եւ փոքրիկներ: Քաղաքի մշակութային կեդրոնը պիտի ծառայէ քաղաքի մշակութային կեանքի աշխուժացման եւ զարգացման:

Նախորդ տարիներուն նման, այս տարի ալ, այս դրամահաւաքին պիտի մասնակցին քաղաքի, գաւառի եւ նահանգային պետական անձնաւորութիւններ, գաղութիս հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարներ, մեր քաղաքի աննման արուեստագէտները իրենց արուեստով եւ կոչերով պիտի խրախուսեն ժողովուրդը, որ իրենց մեծ կամ պզտիկ նուիրատուութիւններով սատարեն 18-րդ թելեթոնի յաջողութեան:

Այսօրուան ծնողազուրկ եւ անտէր փոքրիկներուն տէր ըլլալով, անոնք կրնան մեր հայրենիքի լուսաշող աստղերը դառնալ եւ մեր ժողովուրդի փրկութեան լաստերը ըլլալ: Բնաւ չթերագնահատենք կամ անտարբեր ըլլանք այս խաւին նկատմամբ, եւ բոլորս ալ միասիրտ եւ միասնական ամենէն գեղեցիկ օրինակը տանք, Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21-ին մեր առատաձեռն մասնակցութիւնը բերելով այս թելեթոնին:

Հայաստանի Ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ երեխաներու օգնութեան հիմնադրամի անդամները, գլխաւորութեամբ՝ յաւերժ երիտասարդ Յովհաննէս Բալայեանին 18 տարիէ ի վեր կը տանին այս գործը, արժանանալով հայրենի ծնողազուրկ փոքրիկներու օրհնութեան եւ գնահատանքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.