2017-09-16 12:38:00

«Ամբոխավարութիւնը քրիստոնէական կեցուածք չէ »Կարդինալ Շէօնպորն


«Ռատիօ Վատիկան» Վիեննայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Շէօնպորն, ուրբաթ, 15 սեպտեմբերին, կրօնի ուսուցիչներու համար հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Վիեննայի Սուրբ Ստեփանոս Մայր Տաճարին մէջ։ Քարոզին մէջ, Ծիրանաւորը նկատեց, թէ քրիստոնեաները Աւստրիոյ մէջ պիտի շարունակեն կազմել մեծամասնութիւն, եթէ նոյնիսկ այլ կրօնքներու պատկանող անձերու թիւը աճի մէջ է։ Վիեննայի մէջ առաջին ամգամ ըլլալով նոր միջնակարգ դպրոցներու մէջ իսլամ աշակերտներու թիւը կը գերազանցէ քրիստոնեայ աշակերտներուն թիւը։ Սակայն, շեշտած է Կարդինալ Շէօնպորն, ամբոխավարական կեցուածք ցուցաբերել կրօնական, մշակութեային եւ լեզուական բազմազանութեան հանդէպ՝ չի կրնար երբէք քրիստոնէական կեցուածք նկատուիլ։ Քրիստոնեաներու կեցուածքը պէտք է միշտ մնայ Յիսուսի պատգամին աւետարանումը՝ նաեւ փոփոխութեան ենթակայ աշխարհի մը մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.