2017-09-15 08:31:00

Վերամուտի հոգեր ու յանձնառութիւններ... Արհ. Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանի խորհրդածութիւնը։


Կը փակուի դարձեալ ամառնային արձակուրդներու վերջին էջը ու վերամուտի մտմտուքներով կրկին կը լեցնենք մեր առօրեան: Մեծ կամ փոքր, հարկ է լծուիլ գործի. որովհետեւ իւրաքանչիւր ոք ինքնուրոյն դեր մը ունի կատարելիք, լաւագոյն տրամադրութիւններով ապագայի ենթահողը պատրաստելու:

Այսուհանդերձ, գիտցէ՛ք սիրելի ծնողներ, թէ դու՛ք էք առաջին մշակները դաստիարակչական ու կրթական անդաստանին: Դու՛ք էք առաջնակարգ պատասխանատուները ձեր զաւակներուն հոգեմտաւոր կառոյցին: Ձեր դերը էական է, առաջնահերթ ու կենսական, ցոյց տալու անոնց՝ երջանկութեան առաջնորդող ուղիները ու զանոնք լիապէս նուաճելու իմաստութիւնն ու խոհականութիւնը: Մի՛ թողուք, որ ուրիշները այդ իրաւունքը յափշտակեն ձեր ձեռքէն: Բազմազանութեան մէջ է գեղեցկութիւնը, ուր կը յայտնաբերուին տաղանդները մարդուն: Հազար ու մէկ ծաղիկներով պարտէզ մը դե՛ռ աւելի հրապուրիչ է: Իւրաքանչիւր ընտանիք կարող է ճոխացնել ընկերութիւնը ուրոյն գաղափարներով ու ստեղծագործութիւններով:

Ընկերութիւնը, իր գլխաւոր հաստատութիւն-ներով՝ Եկեղեցի, Դպրոց ու Պետութիւն, պարտակա-նութիւնն ունի դիւրացնելու ձեր առաքելութիւնը: Իրօք, ընտանիքը ողնասիւնն է ընկերութեան, որուն ամրապնդման համար հարկ է, որ օժանդակեն Եկեղեցին, Դպրոցն ու Պետութիւնը, երաշխաւորելով անոր արժանավայել կեանք մը՝Աստուծոյ որդիներու:

Յիրաւի կը հնչեն ֆրանսացի հեղիակին խօսքերը, թէ «Զաւակներուն նկարագիրին դաստիարակութիւնը կը սկսի յղութեան վայրկեանէն». չըսելու համար՝ ծնողներուն ջամբած դաստիարակութեամբ. դժուարին առաքելութիւն մը՝ սակայն ո՛չ անկարելի անո՛ր, որ կը հաւատայ իր բարի եւ հաստատ կամքին, ինքնավստահ է իր տաղանդներով ու կ’ապաւինի Աստուծոյ խօսքին ու շնորհքի վիճակին:

Ընտանեկան ծոցին մէջ, զաւակները կը սորվին կեանքի սկզբունքները ու զօրացած մարդկային ու կրօնական արժէքներով՝ կը պատրաստուին չափահասութեան ու ինքնավարութեան հոգեվիճակին:

Ընտանիքը «Փոքր Եկեղեցի» մըն է, «Սրբավայր», օրրան եւ առաջին դպրոցը ձեր զաւակներուն ընտանեկան, ընկերային ու քրիստոնէական կազմաւորման: Հո՛ն է, որ զաւակները կը սորվին մարդկային եւ կրօնական Այբուբենը, կեանքի մտածելակերպն ու գործելաոճը: Հո՛ն է, որ իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն կողքին, կը սկսին մտերմաբար ապրիլ զիրենք սիրող Աստուծոյ հետ: Հո՛ն, կը սորվին իրենք զիրենք խաչակնքել, աղօթել «Հայր մեր»ն ու «Ողջոյն»ը, այցելել Անոր, որ Ս. Հաղորդութեան մէջ զիրենք կը սպասէ խանդակաթ կարօտով: Մօր եւ հօր բազուկներուն վրայ է, որ հաւատքը կ’արմատանայ զաւակին սիրտին մէջ: Հո՛ն կը սորվին իրենք զիրենք եւ ուրիշները ճանչնալ եւ ընդունիլ, իւրաքանչիւրը իր յատկութիւններով ու թերութիւններով: Հո՛ն, կ’ընդգրկեն քրիստոնէական յանձնառութեան, նուիրումի ու անձնուրացութեան հոգին:

Ո՞վ կարող է կատարել այդ վսեմ ու աստուածային առաքելութիւնը աւելի յաջող եւ ջերմօրէն՝ քան մայրը, որ իր արգանդին մէջ ինը երկար ամիսներ կրած է իր զաւակը, որուն ամէն մէկ շարժուձեւին նպատակը կ’ըմբռնէ, եւ հայրը՝ որ անհամբեր ու սրտագին կը սպասէ անոր ծննդեան, ճակտի քրտինքով անոր հանգստաւէտ մթնոլորտ մը հոգալու:

Ամէնքը կ’ընդունին, թէ զաւակները ապագան են մարդկութեան եւ Եկեղեցւոյ շարունակականութեան: Անոնք կը կենսաւորուին առոյգ ու հնարիմաց սերունդով: Ահա թէ ինչո՛ւ, անոնց մարդկային ու կրօնական առողջ դաստիարակութիւնն ու կայուն կազմաւորումը անհրաժեշտութիւններ են, նախ երաշխաւորուած ընտանիքէն ու ապա՝ մշակուած եւ արգասաւորուած Եկեղեցւոյ ու Ընկերութեան կողմէ: Մին կը յենու միւսներուն վրայ ու կը լրացնէ անոնց թերին. մէկուն առաքելութիւնը չի՛ խաչաձեւեր ու չի՛ խափաներ միւսներունը: Ընդհակառակն, իւրաքանչիւրը իր դրական, կարեւոր ու յատուկ օժանդակութիւնը կը բերէ:

Զրկելով ընտանիքը դաստիարակչական իրաւունքէն, վերածելով ծնողական պատասխանատուութիւնը լոկ ծննդաբերութեան, անզգալիօրէն զայն կը ստորնացնենք անասուններու մակարդակին. որովհետեւ անոնք ալ կը ծննդաբերեն ու կը կերակրեն իրենց ձագերը:

Վերածել հայրն ու մայրը «զաւակ շինելու արհեստանոցի մը», ոճիր մըն է արարչագործութեան ծրագրին եւ մարդկութեան նպատակին դէմ: Մարդը սահմանուած է աւելի բարձր գաղափարականներու: Ան գործակից է Արարիչին, Անոր նմանութեամբ ստեղծուած: Աստուած մարդուն վստահեցաւ արարչագործութիւնը ու ըսաւ. «Աճեցէ՛ք եւ բազմացէ՛ք, երկիրը լեցուցէք եւ զայն նուաճեցէք...» (Ծնն. 1, 28): Եւ սուրբգրային սոյն պատգամն է, որ կը կնքէ իսկական ըմբռնումը ծնողական առաքելութեան, բարձրացնելով անոր Իտէալը աստուածային տարողութեան:

Հայր Յովհաննէս Վրդ. Թէյրուզեան, Եպիսկոպոս








All the contents on this site are copyrighted ©.