2017-09-15 12:03:00

Միջազգային գիտաժողով ի պատրաստութիւն երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսին։


«Ռատիօ Վատիկան» Ւ տես՝ 2018-ին, հոկտեմբեր ամսոյն կայանալիք, եպիսկոպոսներուն 15-րդ սովորական ընդհանուր սիւնհոդոսին, որուն կեդրոնական նիւթը պիտի ըլլան երիտասարդներն ու անոնց դիմաց կայացած մարտահրաւէրները, եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի քարտուղարութիւնը կազմակերպած էր միջազգային գիտաժողով մը նուիրուած երիտասարդներուն որուն բացումը կատարուեցաւ  Հռոմի մէջ՝ 11 սեպտեմբերին, Յիսուսեան միաբանութեան կեդրոնատեղիին մէջ  եւ վերջ կը գտնէ 15 սեպտեմբերին։

Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի տարբեր վայրերէն փորձագէտներ ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երիտասարդներ որոնք միասնաբար քննարկեցին երիտասարդներուն հայող հարցեր ու երիտասարդներու ուժականութիւնը։ Կեդրոնական նիւթեր հանդիսացան երիտասարդներն ու ինքնութիւնը, երիտասարդներ ու ծրագրաւորումը, երիտասարդներն ու արուեստագիտութիւնը, երիտասարդներ ու գերբնականութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.