2017-09-15 08:30:00

Հայաստանի սննդարդիւնաբերութեան տաղաւարը լաւագոյնը ճանչցուած է Միջազգային Ցուցահանդէսին


Սեպտեմբեր 11-14, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող «WorldFood Moscow 2017» միջազգային ցուցահանդէսին մեր երկիրը ներկայացնող` Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի (ՀԶՀ) կառուցած տաղաւարը լաւագոյնը ճանչցուած է: ՀԶՀ աջակցութեամբ մեր երկրի սննդարդիւնաբերութեան ոլորտը մոսկովեան ցուցահանդէսին կը ներկայացնեն 16 հայկական ընկերութիւններ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի զարգացման հիմնադրամէն, «WorldFood Moscow 2017»-ի կազմակերպիչները մրցանակը ՀԶՀ Առեւտուրի եւ միջոցառումներու կազմակերպիչ Լուսինէ Բալայեանին յանձնած են այն ժամանակ, երբ Հայաստանի տաղաւարին մէջ միջազգային գնորդներու ու մատակարարներու համար կազմակերպուած էր համտես:

Ընտրութիւնը կատարուած է փորձագիտական յանձնաժողովի ու այցելուներու կողմէ: «Սա կը գնահատեմ որպէս մեր կազմի` առեւտուրի լաւ արդիւնք եւ, հետեւաբար, ցուցահանդէսի մասնակից ընկերութիւններէն կ՛ակնկալեմ աւելի յաջող բանակցութիւններ ու արտահանման աւելի մեծածաւալ պատուերներու պայմանագիրներ»,- նշած է ցուցահանդէսի օրերուն հայ արտադրողներու հետ Մոսկուա գտնուող` ՀԶՀ գործադիր տնօրէն Արմէն Աւագ Աւագեան:

Նախորդ ցուցահանդէսէն հայկական արտադրողները վերադարձած են շուրջ 570 միլիոն դրամի արտահանման 12 պայմանագիրներով: Հայկական տաղաւարին մէջ ներկայ եղած են նաեւ ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքէլեանը եւ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեանը:

Հիմնադրամը տեղական արտադրողներուն կ՛աջակցի արտահանման խթանման` Կառավարութեան ռազմավարութեան ծիրէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.