Իրաքի հարաւը Տիքար նահանգին մէջ տեղի ունեցած կրկնակի ահաբեկչութեան զոհերուն թիւը հասած է 74-ի, տուժած է, ընդհանուր առմամբ, 93 մարդ:
Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտնած է Al-Jazeera-ն` վկայակոչելով նահանգի առողջապահութեան բաժանմունքի ղեկավարի տեղակալին փոխանցած տեղեկութիւնները:
Նախապէս հաղորդուած էր 50 զոհի եւ 87 վիրաւորի մասին: Նասիրիա քաղաքէն արեւմուտք՝ ահաբեկիչները յարձակուած են սրճարանի մը վրայ եւ Տիքար ու Մաութանա նահանգներուն միջեւ հսկիչ անցակէտին մօտ՝ պայթուցիկով ինքնաշարժ մը պայթեցուցած:
Ըստ տեղեկութիւններուն՝ զոհուածներուն եւ վիրաւորներուն մէջ Իրանի քաղաքացիներ կան:
All the contents on this site are copyrighted ©. |