2017-09-15 13:02:00

Թափառաշրջիկ արհեստաւորներու իտալական ANESV ընկերակցութեան անդամները Վատիկանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ՝ 15 սեպտեմբեր 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունելէ ետք Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչը՝ Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին, Փարիզի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Անտրէ Վէնթրուան, Մատրիտի երբեմնի առաջնորդը՝ Կարդինալ Անթոնիօ Մարիա Ռոքուքօ Վարելան ու Միջազգային քրէական դատարանի նախագահը՝ Տիրկ Սիլվիա Տէ Կուրմէնտին ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը, Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց  թափառաշրջիկ արհեստաւորներու՝ կրկէսի աշխարհի՝ ANESV ընկերակցութեան 120 անդամներուն եւ այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ, բարի գալուստ մաղթելով  ներկաներուն նշեց թէ ինք լաւապէս տեղեակ է թէ կրկէսի աշխատանքի կեանքը դիւրին կեանք մը չէ ու թէ դժուարութիւններով լի գործ մըն է, սակայն, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ''մի վհատիք, շարունակեցէք ձեր ընթացքը որպէսզի մեր քաղաքներն ու մեր հրապարակները չի կորսնցնեն այդ իւրայատուկ գեղեցկութեան համը՝ զոր դուք ձեր արհեստով ու ձեր խանդավառութեամբ կարող էք փոխանցել''։

Սրբազան Պապը ապա ակնարկեց ընտանիքի ու հաւատքի կարեւորութեան, մաղթանք յայտնելով որ այդ շրջիկ հասարակութիւններու մէջ միշտ երաշխաւորուի հանդիպումը՝ իրար ճանաչողութեան իղձը ու բաժնեկցուին կեանքի եւ աղօթքի պահեր։  Ան ապա մատնանշեց կրկէսի աշխարհի հետ անցեալ տարուայ յունիսին ունեցած հանդիպումին ու այդ հանդիպման առթիւ արտասանած խօսքերուն ուր կրկէսի աշխարհի գծիչները որակած էր ''տօնախմբութեան  ու գեղեցկութեան արհեստաւորներ'' ապա հաստատեց թէ անոնց կեանքի կոչումը ու անոնց աշխատանքը ուրախութիւնն է, որ  կը պահանջէ բազմաթիւ զոհողութիւններ, դառնալու համար առաքելութիւն՝ մարդոց նուիրելու համար առողջ ու մաքուր զուարճանք։  

Աստուած մեզ կը սիրէ եւ կ՛ուզէ որ մենք երջանիկ ըլլանք, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, ընդգծելով թէ այնտեղ ուր կայ պարզ ու անկեղծ ուրախութիւն կայ նաեւ Աստուծոյ դրոշմը, առ այդ՝ ''եթէ կարողանաք պահպանել այդ հարազատութիւնն ու պարզութիւնը դուք կը դառնաք այն ուրախութեան պատգամաւորները զոր հաճելի է Աստուծոյ'' յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը եզրափակեց բոլոր ներկաները յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին որպէսզի զանոնք առաջնորդէ իրենց ուղեւորութեան ու դադարի ընթացքին, ապա անոնց շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.