2017-09-14 13:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը Հռոմի մէջ դասընթացքի մասնակցող նորօծ եպիսկոպոսներուն


«Ռատիօ Վատիկան» Արեւելեան Եկեղեցիներու եւ Եպիսկոպոսաց Ժողովներու կազմակերպութեամբ, եպիսկոպոսներ ուխտագնացութիւն մը կատարեցին դէպի Հռոմ։ Հինգշաբթի, 14 սեպտեմբերին, եպիսկոպոսները հանդիպում ունեցան Ֆրանչիսկոս Պապի հետ։ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց յիշեալ Ժողովներու ղեկավարներուն՝ Կարդինալ Մարք Ուելլէյի եւ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի եւ նշեց, թէ աստուածային բարերարութիւնն է, որ եպիսկոպոսները կոչած է Աւետարանի վկայութեան (հմմտ Գործք Ի. 24, Հռոմ ԺԵ. 16)։

Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ խորհրդածութիւններ կատարեց Գործք Առաքելոցի խօսքին շուրջ ուր գրուած է՝ «Զգոյշ եղէք դուք ձեզի եւ հօտին, որուն վրայ Սուրբ Հոգին տեսուչ կարգեց ձեզ, հովուելու համար Տիրոջ ժողովուրդը զոր ան փրկեց իր արիւնով» (Գործք Ի. 28)։ Ան նկատեց, թէ այս յորդորը մեծ կարեւորութիւն ունի մեր օրերուն համար։ Անհրաժեշտ նկատեց, որ եպիսկոպոսները խնդրեն «հոգիի ընտրութեան» շնորհքը, զոր Պօղոս Առաքեալ կը նկատէ Սուրբ Հոգւոյն շնորհքներէն մին  (հմմտ Ա. Կոր ԺԲ. 10)։ Սուրբ Հոգին է, որ կʼառաջնորդէ առաքեալները։ Սրբազան Հայրը աւելի մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեան խորհուրդին, նկատելով, թէ միայն այն անձը որ Աստուծմէ կʼառաջնորդուի, կրնայ նաեւ տրամադրելի ըլլալ ուրիշները առաջնորդելու։ Ասոր համար հարկաւոր է յարատեւօրէն խնդրել Աստուծմէ իմաստութիւն եւ շնորհք։ Այն իմաստութիւնը՝ որ Խաչի գիտութիւնն է, եւ «ճանչնալ Հայրը, եւ զայն, որ Հայրը առաքեց՝ Յիսուս Քրիստոս» (Յովհ ԺԷ. 3)։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ մանրամասնօրէն քննարկեց «հոգիի ընտրութեան» շնորհքը, բացայայտելով այդ շնորհքի ներգործութիւնը եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւ եպիսկոպոսներու հովուական առաքելութեան մէջ։ Ան «հոգիի ընտրութիւնը» նկատեց քրիստոնեայ հասարակութեան միասնական մէկ արարքը։

Սրբազան Հայրը կարեւոր նկատեց երկխօսութիւնը, յիշելով, որ պատմութեան մեծ Հովիւները գիտցան վարել երկխօսութիւն հաւատացեալներու սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։ Ասոր համար ան կոչ ուղղեց եպիսկոպոսներուն, որ մշակեն «ունկնդրելու կեցուածքը» եւ աճին անձնական տեսակէտը յայտարարելու ազատութեան մէջ։ Ասոր համար պէտք է եպիսկոպոսները «իրենց իսկ աչքերով ճանչնան այն վայրերը եւ անհատները, իրենց վստահուած թեմերու հոգեւոր եւ մշակութային աւանդութիւնները։» Սակայն եպիսկոպոսներուն առաքելութիւնը չի կայանար իրենց անձնական գաղափարները եւ ծրագիրները իրականացնելու մէջ, այլ խոնարհաբար, առանց ինքնասիրութեան, մատուցանեն իրենց շօշափելի վկայութիւնը, միացած Աստուծոյ հետ եւ ծառայելով Աւետարանին։ Հետեւաբար, Սրբազան Հայրը «հոգիի ընտրութիւնը» նկատեց «խոնարհութիւն եւ հնազանդութիւն» Աւետարանին, Վարդապետութեան, տիեզերական Եկեղեցւոյ սկզբունքներուն՝ որուն կը ծառայեն եպիսկոպոսները։ «Հոգիի ընտրութիւնը» նաեւ դարման է անշարժութեան դէմ։ «Մի բանտարկուիք հայրենաբաղձութեան մէջ, լոկ մէկ պատասխան ունենալով բոլոր պարագաներուն համար» ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Ապա ան յորդորեց, որ եպիսկոպոսները ժողովուրդի մշակոյթին եւ բարեպաշտութեան հանդէպ վարուին փափկանկատութեամբ, նաեւ անոնց հետ երկխօսութիւն վարելով։

Պատգամի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ՝ «կը խնդրեմ, որ խղճմտօրէն ձեր աչքերուն առաջ պահէք Յիսուսը եւ այն առաքելութիւնը որ Անորը չէր, այլ Հօրը (հմմտ Յովհ Է. 16), եւ ժողովուրդին տալ կարելիութիւնը՝ մօտենալ Աստուծոյ անհատապէս, ընտրել իր Ճանապարհը եւ յառաջ տանիլ անոր սէրը»։








All the contents on this site are copyrighted ©.