2017-09-14 09:59:00

Գերապայծառ Միրիաթեան «Պատերազմը կարելի չէ պատերազմով յաղթահարել»։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Հաւատացեալները թող ըլլան աւելի յանդուգն ու կառուցեն հոգեւոր միութիւնը, որովհետեւ հանդիպումն ու երկխօսութիւնը զինաթափ կ՛ընեն ու կը դադրեցնեն բռնութիւնը''։ Այս եղաւ Սանթ Էճիտիօ  հասարակութեան կողմէ  Գերմանիոյ Միւնսթեր եւ Օսնապրիւքի մէջ, «խաղաղութեան ճանապարհ» բնաբանի տակ կազմակերպուած միջազգային միջկրօնական հանդիպումի  մասնակցողներուն կոչը որուն մէջ հրաւէր ուղղուեցաւ կանգնեցնել հակամարտութիւնները, ահաբեկչութիւնը եւ բռնութեան բոլոր կերպերը, որովհետեւ բոլոր մարդիկ եւ մասնաւորապէս աղքատները եւ ամենէն խոցելի անձերը կը տառապին։

Կրօնքներու ներկայացուցիչները, այս առթիւ,  իրենց վրայ վերցուցին պարտականութիւնը  հեռանալու յանուն Աստուծոյ բռնութենէ՝ ու չըլլալ գործիք պատերազմներու եւ ահաբեկչութեան, այլ մանաւանդ տալ երկրագունդին հոգի մը։
Բոլոր այն ժողովուրդները, որոնք պատերազմի պատճառով դարձած են աղքատ եւ ստրուկ, ինչպէս նաեւ բռնութեան եւ անգութ ահաբեկչութեան զոհերը, ապա նաեւ գաղթականները, որոնք հեռացած են հայրենիքէն՝ հակամարտութիւններու եւ կենսոլորտի աղէտներու պատճառով, կը խնդրեն խաղաղութիւնը - կը նշուի կոչին մէջ ուր ապա կը մատնանշուի թէ ''Հաւատացեալներու պարտականութիւնն է վանել իշխանութեան եւ դրամի ագահութիւնը, զէնքերու վաճառքը, ծայրայեղականութիւնը, ազգայնամոլութիւնը, եւ աղօթել ու կրօնքներու միասնութիւն ցուցաբերել՝ ըլլալով խաղաղութեան նշան''։
Պէտք չէ երբեք հաշտուիլ պատերազմի եւ ուրիշներու ցաւին հանդէպ անտարբերութեան հետ, ըսած է Անտրէա Ռիքքարտի՝ Սանթ Էճիտիոյի հասարակութեան հիմնադիրը, եւ խնդրած է չընդունիլ, որ «քաղաքներ եւ ժողովուրդներ ըլլան թալան պատերազմի եւ բռնութեան, այլ բանալ խաղաղութեան նոր ճանապարհներ։»

Հանդիպումի մասնակցող Գերապայծառ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան՝ Հալէպի հայ կաթողիկէ առաջնորդը եւս՝ թարգման հանդիսանալով տառապանքի բազմաթիւ անձերու ու վայրերու ըսած է՝ «պատերազմը կարելի չէ պատերազմով յաղթահարել, այլ երկխօսութեամբ, ներումով եւ հաշտութեամբ»։ Գերապայծառ Միրիաթեան յիշած է նաեւ չորս տարի առաջ առեւանգուած ասորի ուղղափառ Մար Կրեկորիոս Եոհաննա Իպրահիմ եւ յոյն ուղղափառ Փօլ Եազիճի եպիսկոպոսները։

Սանթ Էճիտիոյի 2018 տարւոյն միջկրօնական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.