2017-09-14 09:56:00

Բրիտանիան կատարեց Եւրոպական Միութեան օրէնքներու ջնջման առաջին քայլը


Բրիտանիոյ խորհրդարանի երեսփոխանները «Պրեքզիթ»-ի ծիրին մէջ երկրորդ ընթերցումով ընդունած են Բրիտանիոյ տարածքին համաեւրոպական օրէնսդրութեան ջնջման մասին օրէնքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»` յղում կատարելով «Պի.Պի.Սի.»-ին:

12 սեպտեմբերի լոյս գիշերը աւելի քան 13 ժամ տեւած բանակցութիւններէն ետք օրինագիծին ի նպաստ քուէարկած է 326 երեսփոխան, իսկ դէմ` 290: Այժմ օրինագիծը աւելի առարկայականօրէն պիտի քննարկեն Համայնքներու պալատի կոմիտէները. ատոր համար անոնց կը տրուի 8 օր:

Համայնքներու պալատին մէջ քննարկումէն ետք փաստաթուղթը պիտի ուղարկուի Լորտերու պալատ:

Օրինագիծի գլխաւոր կէտերէն մէկն է Բրիտանիոյ տարածքին 1972 թուականի Եւրոպական համայնքներու մասին օրէնքի գործողութեան ջնջումը, որ ազգային օրէնքներու նկատմամբ համաեւրոպական օրէնքներու գերակայութեան իրաւաբանական հիմքն է:

Եւրոպական օրէնսդրութեան ջնջման օրէնքը խորհրդարանին, ինչպէս նաեւ Կալեսի, Սկովտիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի կառավարութիւններուն պիտի արտօնէ իրենց հայեցողութեամբ անվաւեր նկատել, փոխել եւ կատարելագործել եւրոպական օրէնքները: Օրէնքը նաեւ վերջ պիտի դնէ Եւրոպական դատարանի իրաւասութեան` Բրիտանիոյ տարածքին մէջ:

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ երեսփոխաններու որոշումը որակած է պատմական, իսկ ջնջման օրէնքը` վստահութիւն ներշնչող եւ յստակութիւն մտցնող Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու նախաշեմին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.