2017-09-13 11:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը նուիրուած Քոլոմպիայի Ճամբորդութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի՝ 13 Սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածուինը ամբողջութեամբ նուիրեց անցեալ 6 -11 սեպտեմբեր, որպէս Յոյսի եւ խաղաղութեան պատգամաւոր, Քոլոմպիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, անցեալ օրերուն կատարեցի դէպի Քոլոմպիա ճամբորդութիւնս։ Ամբողջ սրտովս գոհաբանութիւն կը մատուցեմ Տիրոջ այս մեծ պարգեւին համար եւ կ՛ուզեմ նորոգել իմ երախտագիտական զգացումներս Տիար Նախագահին որ ինձ հիւրընկալեց մեծ ազնուութեամբ, Քոլոմպիացի եպիսկոպոսներուն ու նաեւ երկրի միւս իշխանութիւններուն ու բոլոր անոնց որոնք համագործակցեցան այդ այցելութիւնը իրականացնելու աշխատանքին։ Յատուկ շնորհակալութիւն մը Քոլոմպիացի ժողովուրդին որ զիս ընկալեց մեծ ուրախութեամբ եւ գորովով։

Ուրախ ժողովուրդ մը՝ հակառակ բազմաթիւ տառապանքներուն։ Յոյսով ժողովուրդ մը։ Իրողութիւն մը որ աւելիով ազդեցութիւն թողուց վրաս բոլոր քաղաքներուն մէջ, այդ հայրերն ու մայրերն էին որոնք իրենց մանուկները ինծի կը մօտեցնէին զանոնք օրհնելու համար ու մեծ հպարտութեամբ ցոյց կու տային այդ մանուկները կարծես կ՛ուզէին ըսել  ''ասիկա մեր հպարտութիւնն է. Ասիկա մեր յոյսն է''։ Ու ես պահ մը մտածեցի.  ազգ մը որ կարող է մանուկներ պարգեւել ու կարող է զանոնք ցոյց տալ որպէս յոյս, ապագայ ունեցող ազգ մըն է։ Այս մէկը ինծի մեծ հաճոյք պատճառեց, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու շարունակեց. Այս ճամբորդութեան ընթացքին զգացի շարունակականութիւնը ինձմէ առաջ Քոլոմպիան այցելող Քահանայապետերուն հետ, Երանելի Պօղոս Զ՝ 1968 եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ՝ 1986։ Շարունակականութիւն մը ոգեւորուած Սուրբ Հոգիէն որ կ՛առաջնորդէ Աստուծոյ ժողովուրդին քայլերը պատմութեան ճանապարհներուն վրայ.

Ճամբորդութեան կարգախօսը եղաւ “Demos el primer paso”, այսինքն ''Առաջին քայլը կատարենք'', հայող այն հաշտութեան գործընթացին զոր Քոլոմպիան կ՛ապրի ելք գտնելու համար կէս դար տեւող ներքին հակամարտութեան որ սերմանեց տառապանքներ ու թշնամութիւններ,  յառաջացնելով դժուար դարմանուելիք բազմաթիւ վէրքեր։ Սակայն Աստուծոյ օգնութեամբ ուղեւորութիւնը արդեն սկսած է։  Ւմ  այցելութեամբս ուզեցի օրհնել այդ ժողովուրդին ջանքերը, զայն ամրապնդել հաւատքի եւ յոյսի մէջ ու ընկալել անոր վկայութիւնը՝ որ իմ առաքելութեանս ու համայն Եկեղեցւոյ համար հարստութիւն մըն է։

Քոլոմպիան. Լատին Ամերիկայի բազմաթիւ երկիրներու նման, Երկիր մըն է որ ունի Քրիստոնէական ամուր արմատներ։ Ու եթէ այս մէկը աւելի ցաւալի կը դարձնէ տառապանքը Քոլոմպիան յօշոտած պատերազմի ողբերգութեան բերումով, միեւնոյն ատեն ան կը կազմէ խաղաղութեան երաշխիքը, անոր կառուցման ամուր հիմքը, ու անոր անյաղթ յոյսին աւիշը։

Ակնյայտ է թէ Չարը ուզեց բաժնել ժողովուրդը՝ կործանելու համար Աստուծոյ գործը, սակայն ակնյայտ է նաեւ թէ Քրիստոսի սէրը, Անոր անհուն Ողորմութիւնը, աւելի զօրաւոր են մեղքէն եւ մահուընէ։

Այս ճամբորդութիւնը եղաւ առիթ  Քրիստոսի օրհնութիւնը տանելու, Եկեղեցւոյ օրհնութիւնը՝ կեանքի ու խաղաղութեան իղձին վրայ որ կը հորդի այդ ազգի սրտէն։ Այս մէկը նշմարեցի հազարաւոր մանուկներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու աչքերուն մէջ, որոնք Պոկոթայի հրապարակը խուժեցին եւ որոնց հանդիպեցայ զանազան վայերուն մէջ, այդ կեանքի ուժականութիւնը որ բնութիւնը եւս կը հռչակէ իր առատութեամբ։

Պոկոթայի մէջ կարողացայ հանդիպիլ երկրին եպիսկոպոսներուն ու Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի գործադիր յանձնախումբին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ որ կարողացայ զանոնք ողջագուրել ու անոնց փոխանցել հովուական քաջալերանքս՝ իրենց առաքելութեան համար ի սպաս Եկեղեցւոյ ծառայութեան որ է խորհուրդ Քրիստոսի՝ մեր խաղաղութիւնն ու մեր յոյսը։

Հաշտութեան նիւթին նուիրուած յատուկ օրը, որ եղաւ ամբողջ ճամբորդութեան գագաթնակէտը, տեղի ունեցաւ Վիլլավիսենսիոյի մէջ։ Առաւօտուն կայացաւ Սուրբ պատարագի զոհը, Եէզուս Էմիլիօ Եարամիլլօ Մոնսալվէ եպիսկոպոսի եւ Փետրօ Մարիա Ռամիրես Ռամոս Քահանայաի երանացման արարողութեամբ, մինչ յետմիջօրէին, հաշտութեան յատուկ արարողութիւնը՝ որ խորհրդանշական կերպով ուղղուած էր, առանց բազուկներու եւ ոտքերու, ժողովուրդին նման յօշոտուած՝ Պոքաեայի Քրիստոսին։

Երկու Երանելիներու երանացումը յիշեցուց թէ խաղաղութիւնը հիմնուած է նաեւ ու մի գուցէ ամենէն առաջ, սիրոյ, ճշմարտութեան ու արդարութեան վկաներու արեան վրայ, ու նաեւ՝ վերոնշեալ երանելիներու նման, հաւատքի համար զոհուած մարտիրոսներու արեան վրայ։

''Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը իրարու պիտի հանդիպին, խաղաղութիւնն ու առադրութիւնը պիտի ողջագուրուին'' «Սաղմոս 85.11»։ Սաղմոսերգուի այս հատուածները կը պարունակեն անցեալ ուրբաթ օր՝ Քոլոմպիայի մէջ պատահած մարգարէութիւնը։ Այդ վիրաւոր ժողովուրդին մարգարէութիւնն ու Աստուծոյ շնորհքը՝ որպէսզի ան կարենայ վերականգնիլ ու յառաջ ընթանալ նոր կեանքի մը մէջ։ Այս մարգարէական բառերը լի շնորհներով մեզ յայտնուեցան  վկաներու պատմութեան մէջ՝ որոնք խօսեցան բազմաթիւ անհատներու անունով եւ մեկնելով իրենց վէրքերէն՝ Քրիստոսի շնորհքին շնորհիւ դուրս եկան իրենք իրենցմէ ու բացուեցան հանդիպումին, ներումին ու հաշտութեան։

Մետելլինի հեռանկարը եղաւ  Քրիստոնէական կեանքը՝ որպէս աշակերտութիւն. Կոչումն ու առաքելութիւնը։ Երբ Քրիստոնեաները յանձնառու են մինչեւ վերջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ճանապարհին հետեւելու, անոնք իսկապէս կը դառնան աշխարհի համար՝ աղ, լոյս, ու թթխմոր եւ պտուղները կ՛ըլլան առատ։ Այդ պտուղներէն մին կը կազմեն ''Hogares'' ները, կեանքէն խոցուած պատանիներու տուները, ուր անոնք կարող են գտնել նոր ընտանիք, ուր սիրուած են ընկալուած են, պաշտպանուած ու խնամուած։ Այլ պտուղները ապա քահանայական ու նուիրեալ անձերու կոչումներն են, զոր ես կարողացայ օրհնել ու քաջալերել մեծ ուրախութեամբ անմոռանալի հանդիպումի մը ընթացքին զոր ունեցայ նուիրեալ անձերու ու անոնց ընտանիքներուն հետ։

Ւ Վերջոյ Քարթակենան, ստրուկներու առաքեալ Սուրբ Փիեթրօ Քլավէրի քաղաքը՝ ուր շեշտը դրուեցաւ մարդ անհատի ու անոր հիմնական իրաւունքներու խթանման վրայ։

Սուրբ Փիեթրօ Քլավէրը, ու Սրբուհի Մարիա Պերնարտա Պուէլերը իրենց կեանքը տուին աղքատներուն համար, ցոյց տալով իսկական յեղափոխութեան ճանապարհը՝ որ է ոչ թէ գաղափարական այ աւետարանական յեղափոխութիւն, որ անհատներն ու ընկերութիւնը իսկապէս կ՛ազատագրէ անցեալի ու դժբախտաբար այսօրուայ ստրկութենէն։

Այս ուղղութեամբ առաջին քայլը կատարելը կը նշականէ մօտենալ, հենուլ ու դպչիլ վիրաւոր ու լքուած եղբօր վէրքին։ Այս ընել Քրիստոսի հետ, Տէրը որ դարձաւ ծառայ մեզի համար։ Անոր շնորհիւ յոյս կայ, որովհետեւ Ան ողորմութիւն ու խաղաղութիւն է։ 

Քոլոմպիան ու անոր սիրալիր ժողովուրդը  անգամ  մը եւս կը յանձնեմ Մօր՝ Չիքինքիրայի Տիրամօր, որ առիթ ունեցայ մեծարել Պոկոթայի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ. Մարիամի օգնութեամբ, իւրաքանչիւր Քոլոմպիացի կարողանայ ամէն օր կատարել դէպի եղբայրն ու քոյրը մղուող առաջին քայլը ու այդպէս՝ միասին, օր ըստ օրին կառուցել՝ սիրոյ, արդարութեան ու ճշմարտութեան մէջ խաղաղութիւնը։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.