2017-09-13 09:21:00

Նշուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան՝ Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ հաստատման 300ամեակը


Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ նշուեցաւ հայկական մշակոյթի համաշխարհային կեդրոնի վերածուած Մխիթարեան միաբանութեան 300ամեակը։ Այս առիթով,  Ս. Ղազար եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ, որ ուղեկցուեցաւ տուտուկի հնչիւններով՝ Արամ Իփեքճեանի կատարումով:

Պատարագին ներկայ եղան Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեան, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան եւ բարձրաստիճան հիւրեր՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:

Վենետիկի Սուրբ Մարկոս տաճարին մէջ նոյնպէս երեկոյեան ժամերգութեամբ նշուեցաւ մշակութային այս կեդրոնի երեքդարեայ ներկայութիւնը: Պատարագէն առաջ, Վենետիկի պատրիարք Ֆրանչեսքօ Մորալիա վերյիշեց Մխիթարեան միաբանութեան ամբողջ պատմութիւնը:

«Մխիթարեան միաբանութեան պէտք է երախտապարտ ըլլանք, որովհետեւ անիկա ոչ միայն պահպանեց հայկական մշակոյթը, այլ նաեւ նպաստեց մեր մշակոյթի պահպանման», ըսաւ ան:

Մխիթարեան միաբանութեան՝ Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ հաստատման 300ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ յատուկ ցուցադրութիւն մը, ուր ներկայացուեցան Մայր վանքի ամբողջ պատմութիւնը:

Միաբանութեան 300ամեակին առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ հաստատելով միաբանութեան ունեցած անգնահատելի դերը՝ հայապահպանման գործին մէջ, որով դարձած է աշխարհի մէջ հայ ժողովուրդի հեղինակաւոր ներկայացուցչութիւն։ «Գտնուելով Եւրոպայի սիրտին մէջ՝ Մխիթարեան միաբանութիւնը հայ մշակոյթը հաղորդակից դարձուցած է Արեւմուտքին, եւ՝ փոխադարձաբար», գրած էր ան:

Նշենք, որ Մխիթարեան միաբանութիւնը հրատարակած է բազմաթիւ հայագիտական-բանասիրական, կրօնական եւ գիտական աշխատութիւններ ու արժէքաւոր հատորներ: Ս. Ղազարի մէջ միաբանները հիմնած են վարժարան, գրադարանի հիմքի վրայ ստեղծած մատենադարան, որուն ձեռագիրները 5000ի կը հասնին, իսկ տպագիրները՝ 100,000ի:








All the contents on this site are copyrighted ©.