2017-09-13 09:30:00

Մխիթարեան միաբանութեան՝ Վենետիկի մէջ հաստատման 300 ամեակ։ Երեք նոր ուխտեալներ միացան միաբանութեան


Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրութեան 300ամեակին նուիրուած արարողութեանց ծիրին մէջ Կիրակի, 10 Սեպտեմբերին, Վենետիկի մէջ 3 նորընծաներ միացան Մխիթարեան միաբանութեան շարքերուն։

Արարողութեանց հանդիսապետեց Պոլսոյ Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ Լեւոն արք. Զէքիեան, որ աւելի վաղ պապական կարգադրութեամբ նշանակուած էր Մխիթարեան միաբանութեան ընդհանուր պատասխանատու։

Պատարագը մատուցուեցաւ Սերովբէ վրդ. Չամուրեանի կողմէ: Արարողութեան աւարտին երեք նորընծաներ՝ եղբայր Ակսէլ, եղբայր Աթանաս եւ եղբայր Դաւիթ, Զէքիեան գերապայծառին դիմաց կանգնելով՝ կատարեցին իրենց երդումը։

Ըստ մխիթարեաններու օրէնքին՝ Ջաւախքէն, Կիւմրիէն եւ Երեւանէն սերող եղբայրները իրենց տուած ուխտը կրնան վերանորոգել տարի մը ետք՝ ընդունելով միաբանութեան յայտնի 3 դաւանանքները՝ աղքատութիւն, ողջախոհութիւն եւ հնազանդութիւն ու անկէ ետք է, որ անոնք կը դառնան միաբանութեան անդամ կրօնաւորներ ու անոնց ուխտը կը կոչուի մշտնջենական:

Նշենք, որ վերջին տարիներուն առաջին անգամն է, որ Մխիթարեան միաբանութեան շարքերը կը համալրուին նոր ուխտաւոր-նորընծաներով:








All the contents on this site are copyrighted ©.