2017-09-13 09:38:00

Իսրայէլի պատուիրակութիւնը կ՛այցելէ Ծիծեռնակաբերդի ցեղասպանութեան յուշահամալիր


Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, թէ Իսրայէլի խորհրդարանի փոխխօսնակ եւ Իսրայէլ-Հայաստան պատգամաւորական բարեկամական խմբակի ղեկավար Թալի Փլոսքովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Սեպտեմբեր 12ին այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, Հայաստանի խորհրդարանի Հայաստան-Իսրայէլ բարեկամական խմբակի ղեկավար Գագիկ Մինասեանի եւ խմբակի անդամներ Միքայէլ Մելքումեանի, Գագիկ Մելիքեանի, Գէորգ Գորգիսեանի եւ Սուրէն Մանուկեանի ուղեկցութեամբ։

Պատուիրակութեան անդամները ծաղկեպսակ զետեղած են Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին դիմաց եւ լռութեամբ ու խոնարհումով յարգած մէկուկէս միլիոն զոհերուն յիշատակը:

Հիւրերը այցելած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը եւ գրառում կատարած են յուշամատեանին մէջ:

Անդրադառնալով լրագրող Ալեքսանտր Լափշինին ներում շնորհելու մասին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կարգադրութեան՝ Թալի Փլոսքով նշած է, որ Իսրայէլի խորհրդարանը այդ գծով ճնշում չէ բանեցուցած Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն վրայ, աւելցնելով, որ ուրախ է այդ որոշումով:

Պատասխանելով Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանին զէնք մատակարարելու դիրքորոշումը վերանայելու հաւանականութեան մասին հարցումին, յատկապէս նկատի առնելով Ապրիլեան իրադարձութիւնները եւ Իլհամ Ալիեւի ռազմատենչ հռետորաբանութեան ընդարձակումը, Փլոսքով յայտնած է, թէ լիազօրուած չէ Իսրայէլի կառավարութեան որոշումներուն մասին արտայայտուելու՝ աւելցնելով. «Որովհետեւ՝ ես պետութիւնը իբրեւ խորհրդարանական կը ներկայացնեմ եւ ոչ թէ իբրեւ կառավարութեան ներկայացուցիչ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.