2017-09-11 00:30:00

Քարթակենա: Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան եզրափակիչ ս. Պատարագի քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, սեպտեմբեր 10ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Քոլոմպիայի Քարթակենա տէ Ինտիաս քաղաքին մէջ։

Քարթակենա տէ Ինտիաս 32 տարիներէ ի վեր Քոլոմպիայի մարդկային իրաւունքներու նստավայրն է։ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ յիշեց, թէ այս քաղաքը 200 տարիներ առաջ յամառ դիմադրութեամբ պաշտպանած է իր ձեռք բերած ազատութիւնը։ Ան յիշեց այդ դիմադրութեան սկիզբ դնող Յիսուսեան քահանաները՝ Փետրօ Քլաւեր ի Քորպերօ, Ալոնզօ տէ Սանտովալ եւ Եղբայր Նիքոլաս Կոնծալես, որոնց ԺԷ. դարուն միացած էին շատեր՝ Քարթեկենա տէ Ինտիաս քաղաքէն։
Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց Մատթէոս Աւետարանի ընթերցումը, ուր Յիսուս կը պատմէ կորսուած ոչխարին առակը։ Հովիւը կը թողու 99 ոչխարները եւ կʼերթայ կորսուածին ետեւէն։ «Աստուծոյ խօսքը մեզի կը խօսի ներումի, խրատի, հասարակութեան եւ աղօթքի մասին» ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Քոլոմպիան արդէն տասնեակ տարիներէ ի վեր կը փնտռէ խաղաղութիւն։ Սակայն չէ կարելի հասնիլ հաշտութեան եւ խաղաղութեան՝ եթէ բոլոր կողմերը չմօտենան իրարու։ Ասոր համար Ֆրանչիսկոս Պապ կարեւոր նկատեց, որ բաւարար չէ «քաղաքական եւ տնտեսական խմբակցութիւններու միջեւ ծրագիրներ եւ հիմնարկային համաձայնութիւններ կազմել» այլ պէտք է ներգրաւել բոլոր մարդիկ, որովհետեւ այդ երկխօսութեան պէտք է իրենց մասնակցութիւնը բերեն ուրիշ շատ մը դերակատարներ։

Խաղաղութեան եւ հաշտութեան երկխօսութեան «գլխաւոր հեղինակը պատմական ենթական է, ժողովուրդը՝ իր մշակոյթով, եւ ոչ թէ դասակարգ մը, հատուած մը, խմբակցութիւն մը կամ վերնախաւը», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու յիշեցուց, թէ Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ, թէ անհատներու երկխօսութիւնը եւ մերձեցումը կարեւոր է հասնելու համար հաշտութեան։

Ան կարեւոր նկատեց կատարել մշակութային փոփոխութիւն մը, յիշելով «մահուան եւ բռնութեան» մշակոյթը, որուն պէտք է պատասխանել «կեանքի եւ մերձեցման» մշակոյթով։ Ան աւելցուց, թէ շատ անգամ բռնութեան եւ ընկերային մեկուսացման արարքները կը վերածուին «բնականոն վիճակի»։ Սուրբ Փետրօ Քլաւերի օրինակը կրնայ մեզ խրախուսել։ Ան գիտցաւ վերականգնել հարիւր հազարաւոր սեւամորթներու եւ գերիներու արժանապատուութիւնը եւ յոյսը։ Մերձենալով իրարու, մենք կը յայտնաբերենք մեր իրաւունքները, կը վերաստեղծենք կեանքը՝ որպէսզի ան ըլլայ վաւերականօէն մարդկային։
Սրբազան Հայրը չի բացառեր, որ պիտի ըլլան մարդիկ, որոնք պիտի շարունակեն իրենց չար ճանապարհը։ Ան նկատեց, թէ Յիսուս ալ մեր ուշադրութեան կը յանձնէ այդ կարելիութիւնը։ Այս առընչութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց թմրանիւթի, բնական հումքերու աւերումի, աշխատանքի չարաշահումի, դրամի ապօրինի փոխադրութեան, պոռնկութեան պարտադրումի եւ մարդկային անհատներու վաճառքի մեղքերը, որոնք վէրքեր կը պատճառեն համակեցութեան եւ հասարակութեան։
«Ապա ուրեմն, Յիսուս կը խնդրէ մեզմէ որ աղօթենք միասին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։ Կʼաղօթենք անոնց համար, որոնք խոտոր ճամբայ բռնած են, ոչ անոնց խորտակումին համար. կʼաղօթենք արդարութեան համար եւ ոչ՝ վրէժի. ճշմարտութեան վերանորոգումին համար եւ ոչ՝ մոռացումի։
Քարոզի աւարտին, Սրբազան Պապը անդրադարձաւ իր հովուական այցելութեան բնաբանին՝ «կատարել առաջին քայլը»։ Ան ըսաւ՝ «Յիսուս մեզմէ միշտ կը խնդրէ կատարել վճռական եւ ապահով քայլ մը դէպի մեր եղբայրները, եւ չպահանջել ներում ընդունիլ՝ առանց ներելու, եւ սիրուիլ՝ առանց սիրելու։ Եթէ Քոլոմպիան կʼուզէ կայուն եւ մնայուն խաղաղութիւն մը, պէտք է անյետաձգելի օրէն կատարէ քայլ մը այս ուղղութեամբ՝ հասարակաց բարիքի, հաւասարութեան, արդարութեան, մարդկային բնութեան յարգանքի եւ անոր պահանջքներու ուղղութեամբ։

Խաղաղութիւնը կերտելու պահանջքը կը կատարուի ''խօսելով ոչ լեզուով, այլ ձեռքերով եւ գործերով'', ինչպէս կʼըսէր Սուրբ Փետրօ Քլաւեր։ Աստուած կարող է լուծել այն ինչ որ մեզի անկարելի կը թուի. Ան խոստացաւ ընկերակցիլ մեզի մինչեւ ժամանակներու լրումը. Ան ամուլ պիտի չթողու մեր ճիգերը։»








All the contents on this site are copyrighted ©.