2017-09-11 12:10:00

Վենետիկին մեջ ցուցադրուած է Ջիվան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» ֆիլմը


Վենետիկի Շարժանկարի Փառատօնին Ծիրէն Ներս Ցուցադրուած է Ջիվան Աւետիսեանի «Վերջին Բնակիչը» Ֆիլմը

Վենետիկի 74-րդ միջազգային շարժանկարի փառատօնին ծիրէն ներս, Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեանը, Սեպտեմբեր 7-ին, հանդիպած է Վենեթօ նահանգի` մշակոյթի գծով տարածաշրջանային խորհրդական Քրիստիանօ Գորացցիին: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

Հանդիպման ներկայ եղած են Վենետիկի փառատօնին ներկայացուած «Վերջին բնակիչը» ֆիլմի բեմադրիչ Ջիվան Աւետիսեանը, ֆիլմի արտադրողներ Գէսդուդիս Տրազտաուսգասը եւ Ատրինէ Միրզայեանը, Իտալիոյ հայերու միութեան նախագահ Մինաս Լուրեանը, դերասանուհի Սանտրա Տաուգշայդէն:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Վենեթոյի եւ հայ ժողովուրդի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական ամուր կապերուն եւ անոնց համագործակցութեան ամրապնդման կարեւորութեան:

Քրիստիանօ Գորացցին նշած է, որ Վենետիկեան փառատօնը, որուն կը հետեւի ամբողջ աշխարհը, լաւ առիթ է` ընդգծելու հայ ժողովուրդին հանդէպ բարեկամութիւնը եւ այս բարդ ժամանակներուն մէջ ներկայացնելու հիմնարար արժէքները, ինչպէս` միջմշակութային երկխօսութիւնը եւ խաղաղութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Օրուան երկրորդ կիսուն, փառատօնի ծիրէն ներս, տեղի ունեցած է «Վերջին բնակիչը» ֆիլմին նուիրուած մամուլի ասուլիս, որուն ընթացքին ելոյթով հանդէս եկած են Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեանը եւ գրող Անթոնիա Արսլանը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.