2017-09-11 11:38:00

Մխիթարեանները անգնահատելի դեր ունեցած են հայապահպանութեան գործին մէջ. ՀՀ նախագահ


ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան ուղերձ յղած է Մխիթարեան միաբանութեան` Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ հաստատուելու 300-­ամեակին առնչութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն: Նախագահի ուղերձին մէջ ըսուած է.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Կը շնորհաւորեմ բացառիկ պատմական իրադարձութեան` Մխիթարեան միաբանութեան` Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզի հաստատուելուն 300-­ամեակին առիթով: Դեռ երեք դար առաջ՝ հայ հոգեւոր մտքի հսկայ Մխիթար Սեբաստացին հիմնեց հաստատութիւն մը, որ պիտի դառնար աշխարհին յայտնի հոգեւոր, ուսումնակրթական, գրական եւ գիտամշակութային կեդրոն:

1701 թուականին, հիմնուելէն ի վեր, (1717-ին Կղեմես XI Պապը կը հաստատէ միաբանութեան կանոնադրութիւնը,- խմբ. ԵՌԱԳՈՅՆ-ի) Մխիթարեան միաբանութիւնը անգնահատելի դեր ունեցած է հայապահպանութեան գործին մէջ, դարձած է աշխարհի մէջ հայ ժողովուրդի հեղինակաւոր ներկայացուցչութիւն` իր մշակութային հարուստ ժառանգութեամբ եւ հոգեւոր մթնոլորտով հրապուրելով հայ եւ օտար աշխարհահռչակ մտաւորականները:

Գտնուելով Եւրոպայի սրտին մէջ` Մխիթարեան միաբանութիւնը հայ մշակոյթը հաղորդակից դարձուցած է Արեւմուտքին եւ փոխադարձաբար` արեւմտեան մշակոյթը` հայոց աշխարհին:

Բացառիկ կերպով մեծ է Մխիթարեան միաբանութեան աւանդը հայագիտութեան զարգացման գործին մէջ․ մեր հոգեւոր հայրերը, դարեր շարունակ, վիթխարի աշխատանք կատարած են Միաբանութեան Մայրավանքի` աստուածառաք լոյսով ողողուած սենեակներուն մէջ: Անոր վկայութիւնն են գիտական ընդհանուր եւ ճիւղային բառարանները, թարգմանական եւ կրօնական, պատմական, լեզուաբանական, բնագիտական, տնտեսագիտական եւ այլ բնոյթի աշխատութիւնները: Հետաքրքրական է, որ Միաբանութիւնը զարմանալի ներդաշնակութեամբ եւ կատարելութեամբ կը համատեղէ գիտութեան, մշակոյթի, հոգեւոր ժառանգութեան ոլորտները` միաժամանակ ունենալով թանգարանային իւրօրինակ միջավայր: Միաբանութեան վանական համալիրին մէջ պահուող ձեռագրերն ու մատեանները ոչ միայն հայ մշակութային ժառանգութեան հարստութեան վկայութիւններն են, այլեւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան նմուշներ:

Պատմականութիւնը կ՝ամրագրուի ժամանակով․ Մխիթարեան միաբանութիւնը իր դարաւոր գործունէութեամբ ատիկա լաւագոյնս փաստած է` հաղորդակից դարձնելով ազգայինը համամարդկայինին:

Խոնարհելով մեր հոգեւոր արժէքներու պահպանութեան գործին մէջ Մխիթարեան միաբանութեան անձնուրաց նուիրման առջեւ` կ՝ուզեմ ըսել` փառք ու պատիւ մեր հոգեւոր հայրերուն, որ կրցան ստեղծել կրթական կեդրոններ, երիտասարդ սերունդին մէջ տարածեցին հայոց լեզուն, մշակոյթը, դպրութիւնը:

Հպարտութեան զգացումով՝ մէկ անգամ եւս կը շնորհաւորեմ բոլորս այս խորհրդանշական յոբելեանին առիթով` Միաբանութեան անդամներուն մաղթելով գործունէութեան երկար եւ արգասաբեր տարիներ` իրականացնելու Մխիթար Սեբաստացիի «Ամէն ինչ Հայաստանի եւ Հայրենիքի համար» սրբազան պատգամը»։








All the contents on this site are copyrighted ©.