2017-09-10 08:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը. Պոկոթա -Քարթակենա – Հռոմ։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 6 սեպտեմբերին սկիզբ առած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խաղաղութեան ու յոյսի պատգամաւորի  20-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը դէպի Քոլոմպիա, վերջ կը գնտէ կիրակի 10 սեպտեմբերին, Նորին Սրբութեան Քարթակենա քաղաքին տուած հովուական այցելութեամբ, որուն աւարտին Ան վերադարձ կը կատարէ Հռոմ։

Սրբազան Հօր ճամբորդութեան վերջին օրուայ յայտագիրը սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան 7.20 անց (Հռոմի ժամով 14.20 անց) երբ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտ կ՛առնէ Քոլոմպիայի իր բնակավայրը հանդիսացող` Առաքելական Նուիրակութեան պալատէն եւ կ՛ուղղուի Պոկոթայի զինուորական օդակայան որտեղէն կը մեկնի դէպի` Քոլոմպիայի Պոլիվար նահանգի մայրաքաղաք` Քարթակենա տէ Ինտիաս քաղաք ուր կը ժամանէ մէկ ու կէս ժամ թռիչքէ  ետք։

Քարթակենայի օդակայան ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը կը դիմաւորուի քաղաքի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Եորկէ Էնրիքէ Եիմենես Քարվայալի, Քարթակենայի կառավարիչի, քաղաքապետի ու տեղական զինուորական իշխանութիւններու պատուիրակութեան  մը կողմէ ապա ինքնաշարժով կ՛ուղղուի ''Ասսիզացի  Սուրբ Ֆրանչիսկոսի'' հրապարակ ուր հարիւրաւոր տնանկներու ու հաւատացեալներու ներկայութեամբ  օրհնութիւնը կը կատարէ  ''տնանկներու'' յատկացուած ''Talitha Kum'' միջազգային ցանցի ջանքերով կառուցուելիք  կեդրոնատեղիի առաջին քարին, հուսկ կ՛այցելէ ''Talitha Kum'' միջազգային ցանցի մէկ կեդրոնը ու կ՛ուղղուի Յիսուսեան Միաբանութեան պատկան ''San Pietro Claver'' եկեղեցի­` եկեղեցւոյ մուտքին արտասանելով Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք կ՛այցելէ նաեւ ''San Pietro Claver'' Սրբավայրը։

Յիսուսեան Միաբանութիւնն ու Սուրբ Փետրօ Քլավէրի եկեղեցին Քարդակենայի մէջ։

Յիսուսեան միաբանութիւնը մեծ դեր ունեցած է Քոլոմպիայի քրիստոնէացման առաքելութեան ծիրէն ներս ու մինչեւ օրս կը գործէ Քոլոմպիայի ընկերութեան ծառայութիւն մատուցելով տարբեր ասպարէզներու շրջագիծէն ներս։ Թէեւ 1676 թուականին միաբանութիւնը վտարուեցաւ Քոլոմպիայէն ու միայն տասնեակ տարիներ ետք է որ Յիսուսեանները կարողացան վերադառնալ իրենց առաքելավայ երը։ Միաբանութեան անդամները Քարդակենա մուտք գործած են 1604 թուականին։ ''San Pietro Claver'' Եկեղեցին նկատուած է քաղաքի ճարտարապետական ամենագեղեցիկ պարծանքներէն մին։ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Սուրբ  Փետրօ Քլավէն (1581-1654) ճանչցուած է որպէս սեւամորթ ստրուկներու առաքեալ։ 1888-ին` Լեւոն ԺԳ Քահանայապետը զայն կը դասէ սուրբերու շարքին եւ նոյն թուականին Քարթակենայի երբեմնի եպիսկոպոսը գերապայծառ Էուճենիօ Պիֆֆի եկեղեցին` որ սկզբնական շրջանին անուանուած էր Սուրբ Ինգնատիոս Տի Լոյոլայի անուամբ կը նուիրէ Սուրբ  Փետրօ Քլավրէին։ Սուրբին մասունքները զետեղուած են Եկեղեցւոյ մէկ խորանին տակ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ''San Pietro Claver'' եկեղեցւոյ մուտքին արտասանած Մարեմեան Աղօթքէն ու այդ առթիւ արտասանած խօսքէն ետք Յիսուսեաններու Միաբանութեան Մեծաւորին առաջնորդութեամբ կը մտնէ եկեղեցի ուր համախմբուած են  Ամերիկա-ափրիկեան հասարակութեան մաս կազմող 300 անհատներ որոնք  յանձնուած են Յիսուսեան միաբանութեան խնամակալութեան, ապա պահ մը ամփոփուելէ ետք Սուրբ Քլավէի դամբանին առջեւ­, առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ եղբայրակիցներուն հետ։

Սան Փետրօ Քլավէր սրբավայրին տուած այցելութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղուի Քարդակենայի Սանթօ Տոմինկօ աբբայարան ուր տեղի կ՛ունենայ Իրեն ի պատիւ սարքուած հիւրասիրութիւն որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուղղուի Քարդակենայի Առաջնորդարան ուր հակիրճ հանգիստէ ետք տեղական ժամով 15,30ին (Հռոմի ժամով 22,30) ողջունելէ ետք Առաջնորդարանի Եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած հիւանդներու խումբ մը, կ՛ուղղուի Քարդակենայի զինուորական նաւահանգիստ որտեղէն ուղղաթիռով կը փոխադրուի ''Քոնդեքար''ի նաւահանգստի տարածք ուր ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամանակով 16-ին (Հռոմ 23) եւ ուր Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով հաւատացեալներու միջեւ շրջելէ ու զանոնք ողջունելէ ետք նաւահանգիստի տարածքին կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը`  նուիրուած մարդու արժանապատուութեան ու մարդկային իրաւուններուն, որուն առթիւ Սրբազան Քահանայապետը կը ներկայացնէ նաեւ Աւետարանական խորհրդածութիւնը։

Առաքելական Ճամբորդութիւնը եզրափակող սուրբ  զոհի արարողութենէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը տեղական ժամով 18,30—ին (Հռոմի ժամով երկուշաբթի 11 սեպտեմբերի առաւօտեան կանուխ 1,30-ին) ուղղաթիռով կը փոխադրուի Քարթակենայի օդակայան ուր` Քոլոմպիայի նախագահի ու պատկան իշխանութիւններու ներկայութեամբ տեղի ունեցած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան աւարտին կը բարձրանայ Ավիանքա ընկերութեան օդանաւ, ու վերադարձ կը կատարէ դէպի Հռոմ ապա Վատիկան ուր ժամանումը նախատեսուած է 10 ժամ 40 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք `երկուշաբթի 11 սեպտեմբեր 2017-ի ժամը 12,40 անց։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.