2017-09-09 10:09:00

Սրբազան Պապը Մետելլինի մէջ - Քրիստոնէական կոչումն ու առաքելութիւնը:


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 9 Սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛այցելէ Քոլոմպիայի Մետելլին քաղաքը որ կը հանդիսանայ առաքելական ճամբորդութեան երրորդ քաղաքը։

Նորին Սրբութիւնը Պոկոթայի օդակայանէն կը մեկնի տեղական ժամով առաւօտեան  8.20 անց (Իտալիա 15.20) ու Ռիոնեկրոյի Խօսէ Քորտոպա օդակայան կը ժամանէ` 9.10 անց (16.10), ուր կը դիմաւորուի տեղւոյն եպիսկոպոսէն ու քաղաքապետէն ապա ուղղաթիռով կը փոխադրուի Մետելլին։

Մետելլին քաղաքը 2 միլիոն 840 հազարէ աւելի բնակչութիւն ունեցող քաղաք մըն է ու անուանուած է ''յաւիտեան գարունի քաղաք''։ Մինչ Մետելլինի թեմը որուն տարածը 718 քմ քառակուսի է, ունի 3 միլիոն 919 հազարէ աւելի բնակչութիւն որոնց 76 առ հարիւրը կաթողիկէ են եւ ուր կը գործեն 332 ժողովրդապետութիւններ։ Մետելլինի Արքեպիսկոպոսն է գերապայծառ Րիքարտօ Անթոնիօ Թոպոն Ռեսդրեփօ։

Մետելլին ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը կը դիմաւորուի Արքեպիսկոպոսին ու Մետելլինի Կառավարիչի ու Քաղաքապետի կողմէ հուսկ  կը բարձրանայ Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժ ու կը շրջի  Էնրիքէ Օլայա Հերրերա անուամբ Մետելլինի օդակայանի մէջ ողջունելով այնտեղ համախմբուած բազմահազար հաւատացեալները ուր ապա տեղական ժամով առաւօտեն 10,15-ին (17,15) կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը նուիրուած` սեւ ստրուկներու առաքեալ­, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ` Սուրբ Փիերօ Քլավէին։

Սրբազան Արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Մետելլինի Յիսուսի Սուրբ Սրտի անուան նորընծայարան ուր հակիրճ հանգիստի դադարէ մը ետք­, 14,45-ին (Հռոմի ժամով 21,45ին) նախ քան Նորընծայարանէն հրաժեշտ առնելը Նորընծայարանի մատրան մէջ առաք հանդիպում մը կ՛ունենայ նորընծաներուն հետ ապա կ՛ուղղուի` բռնութեան ու լքումի զոհ  թշուառ պատանիներու յատկացուած  ''Հոկար Տէ Սան Խօսէ'' կեդրոն։

Կեդրոնը հիմնուած է 1942-ին Յիսուսեան Միաբանութեան ջանքերով ունենալով որպէս նպատակ օգնել պատերազմի ու հակամարտութեան զոհ որբերուն։ Կեդրոնի մուտքին Սրբազան Քահանայապետը կը դիմաւորուի կեդրոնի հիւր` հարիւրէ աւելի մանուկներէ ու կեդրոնի տնօրէնութեան յանձնախումբէն մինչ երկու մանուկներ Սրբազան Քահանայապետին կը յանձնեն փունջ մը ծաղիկ ու անոր կ՛ընկերանան մինչեւ կեդրոնի ներքին փակը Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր արձանին մօտ ուր Սրբազան Քահանայապետը կը զետեղէ ծաղիկները եւ ուր այլ 300 մանուկներ երգերով ու բարի գալուստի ծափողջունելով կը հիւրընկալեն  Ֆրանչիսկոս Պապը։

''Հոկար Տէ Սան Խօսէ'' հիմնարկի տնօրէնի ողջոյնի խօսքէն ետք  խօսք կ՛առնէ նաեւ Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն  ուղղելով իր սրտին խօսքը, ապա այցելութեան աւարտին կ՛ուղղուի ''Լա Մաքարենա'' կեդրոն ուր նախատեսուած է հանդիպում մը Քոլոմպիայի կղերական դասին, նորընծաներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ, որոնց Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուղղէ պատգամ մը ու հանդիպումը կ՛աւարտէ անոնց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Կղերական դասին հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Մետելլինի օդակայան վերադարձ կատարելու համար Պոկոթա ուր կը ժամանէ երեկոյեան 18,25 (Հռոմի ժամով կիրակի 10 սեպտեմբերի առաւօտեան կանուխ 1,25-ին)։

Պոկոթայի մէջ Առաքելական պատուիրակութեան պալատի մուտքին, Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում կ՛ունենայ խումբ մը նորապսակներուն հետ ու զոյգերու հետ որոնք իրենց ամուսնութեան արծաթեայ եւ ոսկեայ յոբելեանը կը տօնախմբեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.