2017-09-09 10:03:00

Ատրպէյճանի կաշառակերութեան խայտառակութեան հարցը Եւրոխորհրդարանին մէջ:


Եւրոխորհրդարանը մօտ ապագային պիտի պատրաստէ «Կաշառակերութիւնը եւ մարդու իրաւունքները երրորդ երկիրներու մէջ» փաստաթուղթը, որուն մէջ պիտի անդրադառնայ Ատրպէյճանի նախագահական ընտանիքին մասնակցութեամբ եւ վերջին օրերուն մեծ հնչեղութիւն ստացած «Ատրպէյճանական լուացքատուն» կաշառակերութեան խայտառակութիւնը:

«Կաշառակերութիւնը եւ մարդու իրաւունքները երրորդ երկիրներու մէջ» փաստաթուղթը կը ներկայացնէ կաշառակերութեան դէմ պայքարին եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Եւրոմիութեան ընելիքները:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ կաշառակերութիւնը չափազանց մեծ վտանգ կը ներկայացնէ մարդու իրաւունքներու համար, եւ որ այս տեսանկիւնէն կաշառակերութեան դէմ պայքարը չափազանց մեծ նշանակութիւն ունի: Փաստաթուղթին մէջ, միեւնոյն ժամանակ, կը ներկայացուին կաշառակերութեան դէմ պայքարի եղանակներ:

Եւրոխորհրդարանի տարածած յայտարարութեան համաձայն` Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ 3 միլիառ տոլարանոց կաշառակերութեան խայտառակութեան պայթելէն ետք՝ 96 եւրոպատգամաւոր առաջարկած են փոփոխութիւններ կատարել այս փաստաթուղթին մէջ:

«Ատրպէյճանական լուացքատուն» անուանումը ստացած կաշառակերութեան խայտառակութեան ուսումնասիրութենէն պարզուած հանգամանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ Եւրոխորհրդարանը խստօրէն կը քննադատէ եւրոպական որոշումներ կայացնողներուն վրայ ազդեցութիւն ունենալու Ատրպէյճանի քայլերը: Կը նախատեսուի իրականացնել համակողմանի ուսումնասիրութիւն եւրոպական գործիչներու վրայ հնարաւոր ազդեցութիւնները ուսումնասիրելու ուղղութեամբ: Եւրոխորհրդարանը եւրոպական կառավարութեան կոչ կ՝ընէ ձեռնարկելու խստագոյն քայլեր` կանխելու կաշառակերութեան երեւոյթները»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.