2017-09-08 08:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Վիլլավիչենցիօ. Հաշտութիւն Աստուծոյ, Քոլոմպիացիներու եւ բնութեան հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 8 սեպտեմբերին Սրբազան Քահանայապետ, Քոլմոպիա կատարած առաքելական այցելութեան երրորդ օրը յատկացուց Վիլլավիչենցիոյին որ կը գտնուի Պոկոթայի հարաւը: Վիլլավիչենցիոն ունի 452 հազարէ աւելի բնակչութիւն եւ կը գտնուի Պոկոթայէն 86 քմ հեռաւորութեան վրայ։ Աւանդութեան համաձայն ան հիմնուած է 1740-ին Յիսուսեան Միաբաններու քարոզութեամբ։ Վիլլավիչենցիոյի թեմը ապա կը հաշուէ 678 հազարէ աւելի բնակչութիւն որուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը` 97 առ հարիւրը, կաթողիկէ են։

Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան  կանուխ` տեղական ժամով 7.20-ին (Հռոմի ժամով 14.30) կ՛ուղղուի Պոկոթայի զինուորական օդակայան ուր նախ քան օդանաւով մեկնիլը կ՛ողջունէ 400 զինուորականներ ապա կը բարձրանայ օդանաւ եւ կ՛ուղղուի  դէպի Վիլլավիչենցիոյի օդակայան ուր ժամանումը նախատեսուած է 40 վայրկեան տեւող ճամբորդութենէ ետք եւ ուր կը դիմաւորուի Վիլլավիչենցիոյի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Օսքար Ուրպինա Օրթեկայի ու տեղական Քաղաքական իշխանութիւններու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու պատուիրակութեան մը կողմէ։

Երանացումի Սուրբ Պատարագ

Սրբազան Հայրը ապա կ՛ուղղի դէպի Վիլլավիչենցիոյի ՔԱԹԱՄԱ հողամաս ուր կարելիութիւն կայ համախմբել մէկ միլիոնէ աւելի հաւատացնելներ։ Քաթամա ժամանելուն Ֆրանչիսկոս Պապ կը բարձրանայ Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժ ու շրջանը կ՛ընէ տարածքին ողջունելով այնտեղ համախմբուած հաւատացեալները ապա տեղական ժամանակով 9.30-ին (Հռոմ 16,30) կը գլխաւորէ Երանացումի Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին Երանելիներու շարքին կը դասէ Քոլոմպիացի երկու նահատակներ` Եէզուս Էմիլիօ Եարամիլլօ Մոնսալվէ եպիսկոպոսը եւ Փետրօ Մարիա Ռամիրես Ռամոս քահանան։

 Ազգային Հաշտութեան աղօթքի հանդիպում

Նոյն օրը յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վիլլավիչենցիոյի ''Լաս Մալոքաս'' այգիին մէջ,  տեղական ժամով 15.40-ին  (Հռոմի ժամով 22.40) կը նախագահէ Ազգային Հաշտութեան աղօթքի մեծ հանդիպումին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն վեց հազարէ աւելի հաւատացեալներ, որոնց շարքին նաեւ վերջին տարիներուն երկիրը  յուզող բռնութիւններու թիրախ անհատներ, զինուորներ ու զինեալ խմբաւորումներու նախկին անդամներ։ 

Հանդիպումին սկիզբը Նորին Սրբութեան ողջոյնի խօսք կ՛ուղղէ Վիլլավիչենցոյի Արքեպիսկոպոսը, ապա տեղի կ՛ունենայ սաղմոսներու ընթերցում, հուսկ 4 հոգիներու վկայութիւններու ներկայացում, որոնց կը յաջորդէ մոմավառութիւն եւ մոմերու զետեղումը Խաչին ոտքին ապա  ''խաղաղութեան ողջոյնի  փոխանակումէն ետք'', խօսք կ՛առնէ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ներկաներուն կ՛ուղղէ իր պատգամը, որուն աւարտին կ՛արտասանուի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի խաղաղութեան աղօթքը, ապա Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն կը շնորհէ առաքելական օրհնութիւնը վերջ տալով աղօթքի հադիպումին։ 

Նախ քան Պոկոթա վերադառնալը Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուղղուի ''Parque de los  Fundadores'' այգի որ Վիլլավիչենցիոյի ամէնէ տարածուն այգին է ուր զետեղուած է ''Քոլոմպիայի հիմնադիր հայրերու''  կոթողը ինչպէս նաեւ Հաշտութեան Խաչը։

Սրբազան Քահանայապետը, ի ներկայութեան Երկրին Նախագահին ու 400 մանուկներու եւ բնիկներու ու այլ հաւատացեալներու պահ մը կ՛ամփոփուի  ''Հաշտութեան Խաչի'' դիմաց ուր արձանագրուած են երկիրը յուզող բռնութեան զոհերուն թիւերը­, ապա այգիին մէջ կը տնկէ ծառ մը որպէս նոր կեանքի եւ նոր սկիզբի խորհրդանիշ, հուսկ հրաժեշտ կ՛առնէ ներկաներէն ուղղուելով Վիլլավիչենցիոյի օդակայան, որտեղէն կը մեկնի վերադարձ կատարելով Պոկոթա ուր երեկոյեան` Առաքելական Նուիրակութեան Պալատի դիմաց, հանդիպում կ՛ունենայ խումբ մը հաւատացեալներու հետ որոնց շարքին բռնութիւններու թիրախ անձեր, զինուորականներ եւ զինեալ խմբաւորումներու նախկին անդամներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.