2017-09-08 20:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթեց «ԻՐՄԱ» փոթորիկի եւ Մեքսիքոյի երկրաշարժի թիրախ զոհերուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Քոլոմպիայի առաքելական ճամբորդութեան երրորդ օրը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Վիլլավիչենցիօ քաղաքը եւ այնտեղ մատուցած Երանացման սուրբ պատարագի աւարտին ուզեց յատուկէն յիշել Մեքսիքոն հարուածող աղէտաւոր երկրաշարժին եւ Քարայիպաեն կղզիները հարուածող Իրմա փոթորիկին զոհերը

«Այս պահուն կ՛ուզեմ իմ հոգեւոր մօտիկութիւնս արտայայտել բոլոր անոնց որոնք կը տառապին անցեալ գիշեր Մեքսիքոն հարուածած երկրաշարժի հետեւանքէն, որուն պատճառաւ կան  մերելներ ու նիւթական աւերներ։ Իմ աղօթքս կ՛ապահովեմ բոլոր անոնց որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին ու անոնց ընտանիքներուն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա շարունակեց. «մօտէն կը հետեւիմ Իրմա փոթորիկին յառաջացումին որ կը հարուածէ Քարայիպեան կռզիները իր ետին թողելով բազմաթիւ զոհեր, աւերներ եւ  հազարաւոր  տեղահաններ։ Զանոնք կը կրեմ սրտիս մէջ ու կ՛աղօթեմ անոնց համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրելով բոլոր ներկաներէն որ միանան իրեն դիտաւորութիւններուն ապա խնդրեց նաեւ որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Ապա Լաս Մալոքաս այգին չի թողած Սրբազան Պապը հանդիպում ունեցաւ անցեալ ապրիլին ջրհեղեղի զոհ Մոքոա քաղաքէն 10 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեան մը հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.