2017-09-08 23:30:00

Ֆրանչիկսոս Պապ. ''Քոլոմպիա Աստուծոյ ժողովուրդի սիրտդ բաց եւ թոյլ տուր որ հաշտուիս''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 8 սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան Քոլոմպիայի առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Վիլլավիչենցիօ քաղաքին տուած այցելութեան առթիւ, Սրբազան Քահանայապետը Բարք Լաս Մալոքաս այգիին մէջ գլխաւորեց Քոլոմպիայի Ազգային Հաշտութեան Աղօթքի արարողութիւնը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ չորս վկայութիւններ  որոնց առանցքը կազմեցին արդարութիւն,  խաղաղութիւն, ճշմարտութիւն ու ողորմութիւն բառերը, եւ որոնց աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն ուղղեց իր սրտի խօսքը ըսելով.

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, առաջին օրէն իսկ կը փափաքէի որ այս մեր հանդիպման պահը հասներ։ Դուք ձեր սրտին ու ձեր մարմին վրայ կը կռէք ձեր ժողովուրդին ողջ պատմութեան ու ներկայի դրոշմը, որ յատկանշուած է ողբերգական արարքներով ու նաեւ հերոսական մարդկային վսեմ ժեստերով որոնք ունին հաւատքի եւ յոյսի հոգեւոր բարձր արժէք։

Ես այստեղ կու գամ յարգանքով ու այն յստակ գիտակցութեամբ, թէ Մովսէսի նման, կը գտնուիմ օրհնուած հողի վրայ։ Հող մը ոռոգուած հազարաւոր անմեղ զոհերու արիւնով ու անոնց ընտանիքներուն ու ծանօթներուն կսկիծով։ Վէրքեր որոնք կը դժուարանան դարմանուիլ ու բոլորս կը վշտացնեն, որովհետեւ մարդ անհատի դէմ ամէն մէկ գործադրուած բռնութիւն մարդկութեան մարմնին մէջ բաց վէրք մըն է ու ամէն մէկ բռնի մահ մեզ կը նուաստացնէ որպէս անձ։

Ես այստեղ կը գտնուիմ ոչ թէ լոկ խօսելու համար այլեւ ձեզի մօտիկ ըլլալու ու ձեր աչքերուն մէջ նայելու, ձեզի մտիկ ընելու ու իմ սիրտս բանալու ձեր կեանքի եւ հաւատքի վկայութեան։ Ու եթէ թոյլ տաք պիտի ուզէի ողջագուրել ձեզ ու ձեր հետ արտասուել, պիտի ուզէի որ միասին աղօթենք եւ իրարու ներենք – ես ալ ներողութիւն խնդրելու եմ – եւ այսպէս ընելով բոլորս միասին կարողանանք յառաջ նայիլ` հաւատքով եւ յոյսով։ 

Համախմբուեցանք Խաչեցեալի ոտքին, որ 2002-ի մայիս 2-ին, ականատես եղաւ տասնեակ անհատներու ջարդին, որոնք ապաստան գտած էին իր եկեղեցւոյ մէջ։ Այս պատկերը ունի զօրեղ խորհրդանշական ու հոգեւոր արժէք։ Անոր նայելով ոչ միայն կը տեսնենք թէ ինչ պատահեցաւ այդ օր, այլ նաեւ բազմաթիւ ցաւեր, բազմաթիւ մերելներ ու բազմաթիւ բեկանուած կեանքեր ու առատ արիւն որ թափուեցաւ վերջին տասնամեակներու Քոլոմպիային մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց թէ վիրաւոր ու յօշոտուած Քրիստոսը մեզ կը հարցադրէ ու մեզի կը սորվեցնէ թէ ատելութիւնը վերջին խօսքը չունի ու թէ սէրը աւելի զօրաւոր է մահուընէ ու բռնութենէ։ Ան մեզի կը սորվեցնէ ցաւը փոխակերպել կեանքի եւ յարութեան աղբիւրի, որպէսզի Իր հետ միասին հասկնանք ներումի զօրութիւնը ու սիրոյ մեծութիւնը։

Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց որոնք իրենց վկայութիւնները կիսեցին բոլորին հետ։ Ցաւալի եւ յուզումնալից պատմութիւններ ու պատմութիւններ սիրոյ ու ներումի, որոնք կը խօսին սիրոյ եւ յոյսի մասին­, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց այդ չորս վկայութիւններուն շեշտելով ներումի հարկաւորութիւնը ու ընդգծելով  թէ բռնութիւնը այլ բռնութիւն կը յառաջացնէ ու ատելութիւնը այլ ատելութիւն եւ մահը ուրիշ մահ։

''Մենք պէտք է ընդհատենք այս շղթան ու այս կարելի է միայն հաշտութեամբ ու ներումով'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ   ակնարկելով   ներկայացուած վկայութիւններուն ու շեշտը դնելով  սիրոյ, ներումի, հաշտութեան ու ճշմարտութեան ճանաչումի վրայ, դրական կերպով սատարելու համար բռնութենէն տառապող ընկերութեան բուժումին - ըսաւ Ան։

Սրբազան Քահանայապետը զգուշացուց ապա ներկաները այն փուշերէն որ կարող են աճիլ ցորենին հետ միասին­, ու յորդորեց ''նոյնիսկ երբ հակամարտութիւններ, բռնութիւն ու վրէժխնդրութեան զգացումներ ծագին, արգելք չի հանդիսանալ որ ողորմութիւնն ու արդարութիւնը իրարու հանդիպին''։

''Բուժենք այդ ցաւը եւ ընկալենք ամէն մէկ մարդ էակ որ կ՛ընդունի իր գործած ոճիրը, կը զղջայ ու յանձնառու կ՛ըլլայ հատուցում տալու, սատարելով նոր կարգի մը ստեղծումին­, ուր կ՛արտացոլան արդարութիւն եւ խաղաղութիւն։

Այս գործընթացը յառաջ տանելու համար հարկաւոր է նախ եւ առաջ ընդունիլ ճշմարտութիւնը որ է արդարութեան եւ ողորմածութեան անբաժանելի ուղեկից - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Ճշմարտութիւնը պէտք չէ առաջնորդէ վրէժխնդրութեան այլ հաշտութեան ու ներումին, շարունակեց Ան։ Ճշմարտութիւն որ կը նշանակէ  ցաւ ապրող ընտանիքներուն պատմել թէ ի՞նչ պատահեցաւ անոնց անյայտ ազգականներուն։ Ճշմարտութիւն որ կը նշանակէ խոստովանիլ թէ ի՞նչ պատահեցաւ բռնութեան գործիչներու կողմէ զինուորագրուած անչափահասներուն։ Ճշմարտութիւն որ կը նշանակէ ճանչնալ բռնութեան ու չարաշահումի թիրախ կիներուն ցաւերը։

Որպէս եղբայր ուորպէս հայր ձեզի կ՛ըսեմ. ''Քոլմպիա` Աստուծոյ ժողովուրդի սիրտդ բաց եւ թոյլ տուր որ հաշտուիս։ Վախ մի ունենար ճշմարտութենէն եւ արդարութենէն'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հաստատեց '' ժամանակն է բուժելու վէրքերը, կառուցելու կամուրջներ, ու զտելու տարբերութիւնները։ Ժամանակն է հրաժարելու ատելութենէն ու վրէժխնդրութենէն ու բացուելու համակեցութեան որ հիմնուած ըլլայ արդարութեան եւ ճշմարտութեան վրայ ինչպէս նաեւ եղբայրական իսկական հանդիպումի մշակոյթի ստեղծումին վրայ։

''Տիրոջմէ հայցենք դառնալ խաղաղութիւն կառուցողներ եւ այնտեղ ուր կայ ատելութիւն մենք սերմանենք սէր եւ ողորմութիւն'' ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ճառին աւարտին ու յատուկ աղօթք մը արտասանեց Խաչեցեալին հայցելով Անոր օգնութիւնը։

''Ով Պոխարաի սեւ Քրիստոս, այնպէս ըրէ որ յանձնառու ըլլանք քու մարմինդ վերականգնելու։ Դառնալու քու ոտքերդ` որոնք կ՛ընդանան դէպի կարիքաւոր եղբայրը։ Քու բազուկներդ` ողջագուրելու համար անոնք որոնք իրենց արժանապատուութիւնը կորսնցուցին, քու ձեռքերդ որպէսի օրհնենք ու մխիթարենք առանձնութեան մէջ արտասուողները։ Ըրէ որ ըլլանք վկաները քու սիրոյդ եւ քու անհուն ողորմութեանդ''։  








All the contents on this site are copyrighted ©.