2017-09-08 09:06:00

Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Սուրիական Տագնապի գծով Մակ-ի բանագնաց Տը Միսթուրայի հետ:


Հինգշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Ժընեւի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ սուրիական տագնապի գծով ՄԱԿ-ի բանագնաց Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ: Վեհափառ հայրապետին կողքին հանդիպման ներկայ էին Արմենոֆասի նախագահ փրոֆ. Թենի Սիմոնեան եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական գրասենեակի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ սուրիական տագնապի ներկայ փուլին շուրջ տեղեկութիւններու ու վերլուծումներու փոխանակման: ՄԱԿ-ի բանագնացը վեհափառ հայրապետին պարզեց իր պատկերացումը Սուրիոյ տագնապի լուծման գծով տեղի ունենալիք յառաջիկայ բանակցութիւններուն մասին:

Ողջունելով Սուրիոյ մէջ հետզհետէ խաղաղութեան հաստատումը, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Տէր Զօրի ազատագրումին` յիշեցնելով անոր խորունկ նշանակութիւնը հայութեան համար, իբրեւ Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ ծրագրուած Ցեղասպանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած ջարդերուն վերջին եւ ամէնէն ահաւոր փուլը:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ յատուկ անդրադարձ եղաւ ընդհանրապէս Սուրիոյ ու յատկապէս հայ համայնքին վերականգնումի յառաջիկայ աշխատանքներուն: Այս իմաստով հայրապետը յայտնեց, որ արդէն իսկ ծրագրումի աշխատանքներուն լծուած է հայ համայնքը:

Նշենք, որ սոյն հանդիպումը Արամ Ա. կաթողիկոսին պաշտօնական չորրորդ հանդիպումն է Տը Միսթուրային հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.