2017-09-07 22:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Լատին Ամերիկայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն։


 (Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 7 սեպտեմբեր 2017-ին տեղական ժամով  յետմիջօրէի 3-ին (Իտալիա 22-ին) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քոլոմպիայի առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս հանդիպում ունեցաւ Լատին Ամերիկայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի յանձնախումբի անդամներուն հետ ու այս առթիւ անոնց ուղղած երկարաշունչ պատգամի մը մէջ խօսքը կեդրոնացուց Ափարեսիտայի մէջ տարիներ առաջ կայացած եպիսկոպոսական հաւաքին վրայ որ` ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ''գանձ մըն է որուն յայտնաբերումը տակաւին անաւարտ է''։

Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ ապա ուրախութեան մասին որ ''առաքելութեան չափանիշն է'' ըսաւ Ան նշելով թէ առաքելութիւնը որ պէտք չէ ըլլայ գործունէութիւններու գումարում այլ ճիգ` Յիսուսի առաքելութիւնը դնելու Եկեղեցւոյ սրտին մէջ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յորդորեց Աւետարանական պատգամը չի վերածել  լոկ ծառայութիւններու օրակարգի մը այլ ըլլալու դէպի դուրս միսիոնարներ` Յիսուսին հետ երթալու համար դէպի եղբայրները, գործածելով Քրիստոսի գործիքները` որոնք մօտիկութիւնն ու  հանդիպումն են։

Երկարաշունչ  ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ  զգուշացուց ապա Եկեղեցւոյ Հաւատքի ժառանգութիւնը վերածելու տօնախմբութիւններու այլ, ըսաւ Ան անոնցմէ մղուած ընթանալու ենք Յիսուսին նման դէպի մարդիկը եւ ուղեւորութեան ընթացքին, հանդիպիլ, մօտիկ ըլլալ, խօսիլ, ու դպչիլ ապա դարմանել եւ փրկել։ Առաքելութիւնը յարեց Սրբազան Քահանայապետը կարելի է միայն մօտիկութեամբ ու շփումով։

Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ Լատին Ամերիկեան ցամաքամասը յուզող հարցերուն հաստատելով թէ Եկեղեցին պէտք է յարգէ ցամաքամասի բազմատեսակ դիմագիծը, որ հարստութիւն մըն է­, ապա խօսքը կեդրոնացուց երիտասարդներու եւ կիներու դերակատարութեան վրայ ու անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններու վրայ, յորդորելով ներկաները հակառակ բոլոր դժուարութիւններու յոյս ներշնչել երիտասարդներուն ու անոնց տրամադրութեան տակ դնել ''մտաւոր կրթական ծրագիրներ'' որոնք անոնց առջեւ բանան այնպիսի տարածքներ որոնք ցոյց կու տան   թէ կայ ճանապարհ մը որ կ՛առաջնորդէ դէպի Աստուած։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսեցաւ կիներու մասին զանոնք որակելով ''բարիի հլու արհեստաւորներ'' որոնք կը վառեն հաւատքի լոյսը'' եւ կը պահպանեն ''խառնածին հոգին'' եւ որոնք արժանի չեն դառնալու քայքայիչ հոգեւորականութեան մը ստրուկները,  այլ ըլլալու են Լատին Ամերիկայի եկեղեցւոյ դերակատարներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց ապա աշխարհականներու դերակատարութեան կարեւորութիւնը եկեղեցւոյ կեանքէն ներս հաստատելով թէ Լատին Ամերիկայի մէջ յոյսը կ՛անցնի աշխարհականներու սրտին, մտքին ու բազուկներուն ընդմէջէն''։ Յոյսը` որ մարդուն կը նայի քրիստոնէական պարզութեամբ որ կը թագուն է հզօրներուն եւ տեսանելի է խոնարհներուն - ըսաւ ու ան ու ճառին աւարտին  Լատին Ամերիկայի Եպիսկոպոսները հրաւիրեց ունենալու աւետարանելու գորովը. ''Եթէ կ՛ուզենք ծառայել, մեր Լատին Ամերիկային, որպէս Լատին Ամերիկայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դաս, այդ մէկը ընելու ենք սիրով եւ գորովով'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.