2017-09-07 16:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Քոլոմպիայի նախագահական պալատին մէջ արտասանած Ճառը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 7 սեպտեմբեր 2017-ին, Պոկոթայի ժամանակով 9-ին (Հռոմի ժամով 16.00) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Քոլոմպիայի առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս պաշտօնական այցելութիւն տուաւ  Քոլոմպիայի Նախագահ` Տիար Խուան Մանուել Սանթոս Քալտերոնին։

Նախագահական պալատ ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Նախագահին կողմէ ու փրոթոքոլային արարողակարգէն ետք   նախագահական պալատի հրապարակին տարածքին հանդիպում ունեցաւ Երկրին քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու, դիւանագիտական մարմնի անդամներու,  ձեռնակատէրերու ու մշակոյթի աշխարհի ներկայացուցիչներու,  750 անձնաւորութիւններու հետ։

Այս առթիւ Քոլոմպիայի նախագահին Բարի գալուստի ողջոյնէն ետք խօսք առաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու ներկաներուն ուղղած ճառին մէջ ողջունելով զանոնք հաստատեց թէ ինք Քոլոմպիա կու գայ իր նախորդներու` Պօղոս Զ ու Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայատներու հետքերուն վրայ, անոնց նման մղուած այն իղձէն, Քոլոմպիացի եղբայրներուն հետ կիսելու հաւատքի պարգեւը, որ զօրաւոր կերպով արմատացած է այդ երկրին մէջ, այնպէս ինչպէս կիսելու յոյսը որ կը տրոփէ բոլորին սրտին մէջ։

''Միայն այսպէսով, հաւատքով եւ յոյսով, կարելի է յաղթահարել ճանապարհորդութեան բազմաթիւ դժուարութիւնները, կառուցելու համար երկիր մը որ հանդիսանայ  բոլոր Քոլոմպիացիներուն համար հայրենիք եւ տուն'' հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը ու մատնանշեց Քոլոմպիայի բնական հարստութիւններուն, անոր մշակութային հարուստ ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ Քոլոմպիացիներու մարդկայնական արժէքի հարստութեան, ուր կան, ըսաւ Ան,  բարի հոգիով եւ հիւրընկալ մարդիկ եւ կիներ, խիզախ ու վճռակամ` յաղթահարելու համար խոչընդոտները։

Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց վերջին տասնեակներու ընթացքին այն ջանքերուն որոնք ի գործ դրուեցան վերջ դնելու համար զինեալ բռնութեան ու որոնելու հաշտութեան ուղիներ, ընդգծելով թէ վերջին տարուայ ընթացքին կատարուած քայլերը կ՛աճեցնեն յոյսը, այն համոզումով թէ խաղաղութեան փնտռտուքը բաց աշխատանք մըն է եւ պարտականութիւն մը որ կը պահանջէ բոլորին յանձնառումը։ Այս առընչութեամբ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց ''հանդիպումի մշակոյթի'' անհրաժեշտութիւնը որ ''կը պահանջէ քաղաքական, ընկերային կամ տնտեսական որեւէ արարքի կեդրոն ընտել միշտ մարդ անհատը, անոր արժանապատուութիւնը ու հասարակաց բարիքի յարգանքը''։

''Թող որ այս ջանքը մեզ հեռու պահէ վրէժխնդրութեան ու անձնական շահերու  որեւէ փորձութենէն'' ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը նկատել տալով թէ դէպի խաղաղութիւն ու հասկացողութիւն տանող ճանապարհը դժուար ճանապարհ է ու թէ հարկաւոր է այս ուղղութեամբ միշտ աւելի յանձնառումով ընթանալ, ընդունելու համար ուրիշը, դարմանելու վէրքերը, կառուցելու կամուրջներ, ու կապեր հաստատել եւ փոխադարձաբար զիրար օգնել։

''Ազատութիւն եւ կարգուկանոն'' այս երկրին կարգախօսն է, յարեց ապա Սրբազան Պապը անդրադարձնելով այդ բառերու իմաստին ու հաստատելով թէ քաղաքացիները պէտք է յարգուին իրենց ազատութեան մէջ ու պաշտպանուած ըլլան կայուն կարգով։ Այս չի նշանակեր աւելի զօրաւորին օրէնքը բանեցնել այլ օրէնքի զօրութիւն, այդ օրէնքը որ բոլորին կողմէ ընդունուած է, եւ որ կ՛երաշխաւորէ խաղաղ համակեցութիւնը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ աւելցուց. ''հարկաւոր է ունենալ արդար օրէնք, որ կարող ըլլայ խթանելու ներդաշնակութիւնը, յաղթահարելու համար հակամարտութիւնները որոնք տասնամեակներու ընթացքին կործանեցին այս Երկիրը, շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ պէտք չէ մոռնալ թէ անարդարութիւնը միշտ եղած է ընկերութեան չարիքներու արմատը։

''Այս հեռանկարով կը քաջալերեմ ձեզ ձեր հայեացքը ուղղելու անոնց որոնք բացառուած ու մեկուսացուած են ընկերութենէն, որովհետեւ ամէնքն ալ անհրաժեշտ են ընկերութեան մը ստեղծումին համար''  յորդորեց Քահանայապետը դիտել տալով թէ այս իրողութեան մէջ է որ կը կայանայ երկրի մը մեծութիւնն ու գեղեցկութիւնը, որովհետեւ տարբերութեան մէջ կայ հարստութիւն,  ու անդրադարձաւ Քոլոմպիայի ընկերութեան տարբեր խաւերու մասին յատկապէս շեշտը դնելով նաեւ կնոջ ու անոր դերակատարութեան վրայ, ապա հաստատեց թէ Քոլոմպիան կարիքը ունի բոլորին որպէսզի յոյսով բացուի ապագային։

Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսեցաւ խաղաղութեան, արդարութեան եւ հասարակաց բարիքի ի սպաս Եկեղեցւոյ առաքելութեան մասին ու կոչ ուղղեց ունկնդրելու աղքատներուն ու տառապողներուն աղաղակը, որոնցմէ կարելի է քաղել կեանքի, մարդկայնութեան ու արժանապատուութեան ուսուցումներ, որովհետեւ անոնք ուրիշներէ աւելի կը հասկանան բառերն Անոր որ մեռաւ խաչին վրայ։

Տիկնայք եւ Պարոնայք ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ձեր առջեւ կայ գեղեցիկ եւ պատուաւոր առաքելութիւն մը­, որ է նաեւ դժուար պարտականութիւն, ու մէջբերեց Քոլոմպիացի մտաւորական ու Նոպէլեան Մրցանակակիր` Կապրիել Կարսիա Մարքեզի խօսքերը ուր ան կը հաստատէ թէ  ''Կարելի է ձգտիլ կեանքի նոր ու գերակշիռ ցնորքի մը, ուր ոչ մէկը որոշում առնէ ուրիշներուն համար, ուր վստահուած ըլլալ սէրը ու կարելի ըլլայ երջանկութիւնը եւ ուր հարիւր տարուայ մենակութեան դատապարտուած զգացումները վերջապէս եւ ընդմիշտ գտնեն երկրորդ հնարաւորութիւն մը­, երկրի վրայ''։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ճառը եզրափակեց ըսելով ատելութեամբ ու վրէժխնդրութեամբ ապրուած ժամանակը  տեւեց  շատ երկար­։ Մենք չենք ուզեր որ բռնութիւնը սահմանէ կամ ոչնչացնէ այլ կեանք մը, ու ես մինչեւ այս վայրը ուզեցի գալ ձեզի ըսելու համար թէ միայնակ չէք, թէ շատ են անոնք որոնք կ՛ուզեն ձեզի ընկերանալ...իմ այս ճամբորդութիւնս կ՛ուզէ ըլլալ ձեզի քաջալերանք ու նպաստ հարթելու համար դէպի հաշտութիւն ու խաղաղութիւն տանող ճանապարհը։

Դուք միշտ ներկայ էք իմ աղօթքներուս մէջ. Կ՛աղօթեմ ձեզի համար, Քոլոմպիայի ներկային ու ապագային համար։

Նախագահական Պալատին մէջ Երկրին քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ ունեցած հանդիպումի  աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ եւ առանձնական հանդիպում ունեցաւ Երկրին նախագահին ու անոր ընտանիքի անդամներուն հետ որուն աւարտին ստորագրեց Նախագահական պալատի ոսկեմատեանը ապա տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում։








All the contents on this site are copyrighted ©.