2017-09-06 14:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապ իր հետ ճամբորդող լրագրողներէն խնդրեց աղօթել Վենեզուելլայի համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական առաքելական միջազգային 20-րդ ճամբորդութեան դէպի Պոկոթա առաջնորդող թռիչի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սովորութեան համաձայն ուզեց ողջունել իր հետ ճամբորդող լրագրողներու խումբը ու անոնց ուղղած խօսքին մէջ ըսաւ.

''Բարի լոյս եւ շնորհակալ եմ ընկերակցութեան համար ու աշխատանքին զոր պիտի կատարէք իմ այս ճամբորդութեանս ընթացքին, որ յատուկ ճամբորդութիւն է­, որուն նպատակն է օգնել Քոլոմպիային յառաջ ընթանալու իր խաղաղութեան ճանապարհին մէջ։ Ասոր համար ձեզմէ կը խնդրեմ  որ աղօթէք ճամբորդութեան ընթացքին եւ շնորհակալութիւն բոլոր ձեր աշխատանքին համար. Ապա կ՛ուզեմ ըսել թէ թռիչքը պիտի անցնի նաեւ Վենեզուելլայի վրայէն, ուստի յատուկ աղօթք մը նաեւ Վենեզուելլայի համար որպէսզի կարենայ յանգիլ երկխօսութեան ու Երկիրը գտնէ կայունութիւն բոլորին միջեւ երկխօսութեամբ։ Դարձեալ շնորհակալութիւն ձեր աշխատանքին համար։ 

Մինչ Վենեզուելլայի օդային տարածքին վրայէն սաւառնուելու ընթացքին Վենեզուելլայի նախագահին յղած հեռագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը գրեց "Մինչ Քոլոմպիա առաջնորդող առաքելական ճամբորդութիւնս զիս մղեց անցնիլ Վենեզուելլայի վրայէն ձեզի եւ համայն Վենեզուելլայի ժողովուրդին կ՛ուղարկեմ իմ բարի մաղթանքներս աղօթելով որ բոլորը երկրին մէջ կարողանան կնքել զօրակցութեան, արդարութեան եւ հաշտութեան դաշինք։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրին վրայ կը հայցեմ  խաղաղութեան Աստուածային պարգեւներ"։  








All the contents on this site are copyrighted ©.