(Ռատիօ Վատիկան) ''Սիրելի բարեկամներ եթէ կը բարեհաճիք աղօթեցէք ինծի ու համայն Քոլոմպիային համար, ուր ճամբորդութիւն մը պիտի կատարեմ նուիրուած` հաշտութեան եւ խաղաղութեան'' այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երեքշաբթի 5 սեպտեմբերի երեկոյեան հրապարակած մէկ թուիթին մէջ, 6-էն 11 սեպտեմբեր Քոլոմպիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին։
Արդարեւ` չորեքշաբթի 6 սեպտեմբերի առաւօտեան 10,30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով Վատիկանէն, ուղղուեցաւ Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան սկիզբ տալով Քահանայապետութեան միջազգային 20-րդ առաքելական ճամբորդութեան որ զինք, որպէս խաղաղութեան եւ յոյսի պատգամաւոր, կ՛առաջնորդէ Լատին Ամերիկայի ամէնէ տարածուն երկիրներէն մին` Քոլոմպիա։
Քոլոմպիան այցելող երրորդ Քահանայապետը
Պօղոս Զ Քահանայապետէն` 1968-ին եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետէն` 1986-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիսանայ երրորդ Քահանայապետը որ կ՛այցելէ Քոլոմպիան որպէս կարգախօս ունենալով ''Առաջին քայլը կատարենք'' բնաբանը, որ կը խորհրդանշէ երկրին մէջ ընթացք առած հաշտութեան գործընթացը, 50 տարիներու պատերազմէ մը ետք, ընդմէջ Պոկոթայի կառավարութեան եւ Քոլոմպիայի յեղափոխական զինեալ զօրքերուն։
իր այս ճամբորդութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապը կը հանդիսանայ նաեւ առաջին Լատին Ամերիկացի Քահանայապետը որ այցելութիւն կու տայ Երկրին, որուն ծիրէն ներս նախատեսուած են 12 հանրային միջոցառումներ, որոնց շարքին պաշտօնական հանդիպումներ Քաղաքական իշխանութիւններու, Եպիսկոպոսներու ու Լատին Ամերիկայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կոմիտէին հետ, ապա չորս արարողութիւններ որոնց շարքին Գերապայծառ Եէզուս Էմիլիօ Եարամիլօ Մոնսալվէ` Արաուքայի երբեմնի եպիսկոպոսը եւ Հայր Փետրօ Մարիա Ռամիրես Ռամոս, Աստուծոյ ծառաներու երանացման արարողութիւնը ու աղօթքի հանդիպում ի սպաս խաղաղութեան, ապա այցելութիւններ Հոկար Սան Խօսէ կեդրոնին, Սան Փետրօ Քլավէ Սրբավայրին ու հանդիպում տեղական կղերին ու կրօնաւորներուն հետ։
Սրբազան Քահանայապետը սոյն ճամբորդութիւնը կը կատարէ անշուշտ ընդառաջելով Երկրին Նախագահին ու Եպիսկոպոսներու հրաւէրին։ Ճամբորդութիւնը ունի հովուական բնոյթ, որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ չորս քաղաքներ Պոկոթա, Վիլլավիչենցիօ, Մետելլին եւ Քարդակենան, որոնցմէ ամէն մէկուն այցելութեան առթիւ ընտրուած է յատկանշական նիւթ մը` ''խաղաղութեան արհեստաւորներ, հաշտութիւն Աստուծոյ, Քոլոմպիացիներու եւ բնութեան հետ, Քրիստոնէական կոչումն ու առաքելութիւնը եւ մարդկային արժանապատուութիւնն ու մարդկային իրաւունքները''։
Այցելութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը պիտի ունենայ 12 ելոյթներ որոնք շարքին 5 ճառեր, 4 քարոզներ, 2 ողջոյնի խօսքեր ու Մարեմեան աղօթքը։ Ան ապա պիտի ստորագրէ երկու Ոսկեմատեաններ, մինչ իր հետ ճամբորդ պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն 75 հոգիէ բաղկացած լրագրողներու խումբ մը։
Առաքելական այցելութեան օրակարգը
Ֆրանչիսկոս Պապ Պոկոթա կը ժամանէ 12 ժամ 25 վայրկեան տեւող երկար ճանապարհորդութենէն ետք, տեղական ժամով 16,30-ին որ Հռոմի ժամանակով կը համապատասխանէ 23,30-ին։
Պոկոթան` Քոլոմպիայի մայրաքաղաքն է հիմնուած է 6 օգոստոս 1538-ին, ուր կը բնակին աւելի քան 8 միլիոն անհատներ։ Մինչ Քոլոմպիայի Աւագ Թեմը հիմնուած է 11 սեպտեմբեր 1562-ին եւ ունի 3 միլիոն 886 հազարէ աւելի կաթողիկէ հաւատացեալներ, որոնք մաս կը կազմեն Քոլոմպիայի Աւագ Թեմի 279 ժողովրդապետութիւններուն, ուր կը գործեն 443 եկեղեցիներ։ Պոկոթայի Աւագ Թեմին Արքեպիսկոպոսն է Կարդինալ Ռուպէն Սալազար Կոմեսը։
Պոկոթայի օդակայան ժամանելուն Ֆրանչիսկոս Պապ կը դիմաւորուի Երկրին Նախագահ՝ Տիար Խուան Մանուել Սանթոս Քալտերոնի ու անոր կողակիցին կողմէ ի ներկայութեան քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու, Քոլոմպիացի եպիսկոպոսներու ու հաւատացեալներու։
Պաշտօնական Քայլերգերու կատարումէն ետք տեղի կ՛ունենայ պատուիրակութիւններու ներկայացում ապա Նախագահն ու առաջին Տիկինը Քահանայապետին կ՛ընկերանան մինչեւ ''Փափամոպիլէ – Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժ'' որուն վրայ բարձրանալով Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուղղուի դէպի Պոկոթայի առաքելական նուիրակութեան պալատ որ կը գտնուի 15 քմ հերաւորութեան վրայ, ուր Ֆրանչիսկոս Պապ կը ժամանէ մէկ ժամ ճանապարհորդութենէ ետք, անցնելով ճամբաներու եզերքը զինք սպասող եւ խանդավառութեամբ հիւրընկալող Քոլոմպիացի հաւատացեալներու ընդմէջէն։ Կը նախատեսուի 700 հազար հաւատացեալներու մասնակցութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրուան յայտագիրը վերջ կը գտնէ երեկոյեան` Առաքելական Նուիրակութեան պալատին մէջ առանձնական ընթրիքով։
Պոկոթա
Յաջորդ օր` 7 սեպտեմբերի առաւօտեան, տեղական ժամանակով 8,40-ին (Հռոմի ժամանակով 15,40-ին) Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուղղուի նախագահական պալատ ուր նախատեսուած է հանդիպում նախագահին ու երկրին քաղաքական իշխանութիւններուն հետ, ապա կը փոխադրուի Պոկոթայի Աթոռանիստ Եկեղեցի ուր կը մեծարէ Քոլոմպիայի Պահապան` Չիքինքիրայի Տիրամայրը եւ հանդիպում կ՛ունենայ Քոլոմպիայի եպիսկոպոսներուն ու Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի յանձնաժողովի անդամներուն հետ, մինչ յետ միջօրէին Սիմոն Պոլիվար այգիին մէջ կը նախագահէ Սուրբ պատարագի արարողութեան ու երեկոյեան Առաքելական նուիրակութեան պալատի մուտքին հանդիպում կ՛ունենայ մանուկներուն, ծերունիներուն եւ անկարներուն հետ։
Վիլլավիչենցիօ
Ուրբաթ 8 սեպտեմբերին Սրբազան Քահանայապետը իր օրը կը յատկացնէ Վիլլավինչենցիոյին որ կը գտնուի Պոկոթայի հարաւը։ Առաւօտեան այնտեղ կը մատուցէ Սուրբ Պատարագ որուն ընթացքին Երանելի կը հռչակէ երկու Քոլոմպիացի նահատակներ Գերապայածար Եէզուս Էմիլիօ Եարամիլօ Մոնսալվէ` Արաուքայի երբեմնի եպիսկոպոսը եւ Հայր Փետրօ Մարիա Ռամիրես Ռամոսը։
Յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը կը նախագահէ ազգային հաշտութեան աղօթքի մեծ հանդիպումին որուն աւարտին նախ քան Պոկոթա վերադառնալը ''Parque de los Fundadores'' այգիին մէջ պահ մը կ՛ամփոփուի ''Հաշտութեան Խաչի'' դիմաց։
Մետելլին
Շաբաթ 9 Սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛այցելէ Մետելլին քաղաքը ուր առաւօտեան կը մատուցէ` Յիսուսեան Միաբան Սուրբ Փետրօ Քլավէի նուիրուած սուրբ պատարագը, իսկ յետմիջօրէին կ՛այցելէ Հոկար Սան Խօսէ կեդրոնը ապա կը հանդիպի Քոլոմպիայի կղերական դասին, նորընծաներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ, անոնց ուղղելով ճառ մը։ Հանդիպման աւարտին Սրբազան Քահանայապետը վերադարձ կը կատարէ Պոկոթա աւարտելով չորրորդ ու վերջընթեր օրուայ յայտագիրը։
Քարթակենա
Կիրակի 10 Սեպտեմբերին Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ կ՛առնէ Պոկոթայէն ու կը տեղափոխուի Քարթակենա քաղաք ուր առաւօտեան կ՛օրհնէ ''տնանկներու'' յատկացուած կեդրոնատեղիի առաջին քարը, ապա ''San Pietro Claver'' եկեղեցւոյ առջեւ կ՛արտասանէ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք կ՛այցելէ նաեւ ''San Pietro Claver'' Սրբավայրը։
Վերադարձ դէպի Հռոմ
Յետմիջօրէի 3,45-ին Սրբազան Քահանայապետը կը փոխադրուի ''Քոնթեքար'' անուամբ զինուորական նաւահանգիստ, ուր կը գլխաւորէ Քոլոմպիայի առաքելական ճամբորդութեան եզրափակիչ սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն աւարտին ինքնաթիռով կը փոխադրուի Քարթակենայի օդակայան եւ օդակայանին մէջ տեղի ունեցող հրաժեշտի արարողութեան աւարտին, տեղական ժամանակով երեկոյեան 7-ին կը բարձրանայ օդանաւ ու վերադարձ կը կատարէ դէպի Հռոմ` ուր ժամանումը նախատեսուած է երկուշաբթի 11 սեպտեմբեր 2017-ի ժամը 12,40 անց։
All the contents on this site are copyrighted ©. |