2017-09-05 17:30:00

''Աղօթեցէք ինծի եւ Քոլոմպիային համար'' գրեց Սրբազան Պապը ճամբորդութեան նախօրեակին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 5 սեպտեմբեր 2017-ին, 6 -11 սեպտեմբեր Քոլոմպիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ խնդրեց աղօթել իրեն ու համայն Քոլոմպիային համար, ուր պիտի երթայ որպէս յոյսի ու խաղաղութեան պատգամաւոր, ամրապնդելու Քոլոմպիացի հաւատացեալները իրենց հաւատքին մէջ ու սատարելու երկրին խաղաղութեան ու հաշտութեան գործընթացին։

''Սիրելի բարեկամներ եթէ կը բարեհաճիք աղօթեցէք ինծի ու համայն Քոլոմպիային համար, ուր ճամբորդութիւն մը պիտի կատարեմ նուիրուած հաշտութեան եւ խաղաղութեան'' գրեց Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.