2017-09-04 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին գործունէութիւնն ու Քիքօ Արկելլոյին յղած նամակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 4 սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Արժանթինի Մորոն թեմին եպիսկոպոսը` գերապայծառ Եորկէ Վասքես որմէ ետք ընդունեց Նէոքաթեքումենալ շարժումի նախաձեռնող Տիար Քիքօ Արկելլօ հուսկ Հոնտուրասի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամները որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց   հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին­, ապա ժամը 12-ին, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Կաթողիկէ ''ՇԱԼՈՄ'' հասարակութեան 4000 անդամներուն։

Քիքո Արկելլոյի հետ ունեցած հանդիպումին առիթով Նեոքաթեքումենալ շարժումը հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին` շարժումի Նախաձեռնողին յղած 18 օգոստոս թուակիր  մէկ նամակը, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն կը յայտնէ անոր Քարմեն Հերնանտէսի վկայութիւններու գիրքին համար ապա Աստուծմէ կը հայցէ որ օգնէ Նեոքաթեքումենալ շարժումը որպէսզի շարունակէ Աւետարանը սերմանել ուրախութեամբ եւ անվերապահ կերպով, հաւաքով եւ հնազանդութեամբ, դժուարութիւններէն քաղելով առիթ գոհաբանելու Յիսուս Տէրը։

Նամակին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը խնդէ որ բարեհաճի աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.