2017-09-04 08:20:00

Ծիսական գիտելիքներ - Գ. Կիրակի Վերափոխումէն ետք (3-10 սեպտեմբեր 2017)


Կիրակի 3 Սեպտեմբերին` կը սկսինք վերափոխման երրորդ շաբաթը. Կիրակի օրուայ աւետարանը մեզ կը տանի Գալիլիա, ուր Քրիստոս առաջին անգամուան համար կը բազմացնէ հացերն ու ձուկերը ( հինգ հաց եւ երկու ձուկ) եւ զանոնք կը բաժնէ հինգ հազարէն աւելի անձերու։ Զգայացունց հրաշք մը որ աչքերը կը բանայ իր հայրենակիցներուն` Նազարէթցիներուն, որոնք զինք գրեթէ վտարած էին իրենց քաղաքէն, որով Յիսուս, տեսնելով իրենց թերահաւատութիւնը, հրաշք չէր կրցած գործել հոն եւ ըսած էր հետեւեալ նշանաւոր խօսքը. Մարգարէն ընդունուած չէ իր հայրենիքին մէջ։

Հետաքրքրական է դիտել ու վերլուծել Քրիստոսի ընթացքը. Նախ իր անսահման գութը ժողովուրդին վրայ, ապա իր որոշումը աշակերտները եւս մասնակից դարձնելու հացերու բազմացման հրաշքին, իրենց յանձնելով հացերն ու ձուկերը ժողովուրդին բաժնելու պաշտօնը. Եւ երրորդ` կանոնաւորութիւնը խումբերու բաժանման եւ խոտերու վրայ տեղաւորումին, որպէսզի աւելորդ խառնաշփոթութիւններ տեղի չունենան։

Հացերու հրաշքը մին է անոնցմէ որոնք կը փաստեն ակնբախ կերպով Յիսուսի գերակայութիւնը բնութեան օրէնքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ իր կարողութիւններուն անսահման տարողութիւնը։ Արդարեւ ինք Աստուած է, որովհետեւ Աստուած միայն կրնայ գեր ի վեր ըլլալ բնութեան օրէնքներէն եւ խախտել զանոնք, մարդկութեան օգտակար դառնալու նպատակով։

Երկուշաբթի 4 Սեպտեմբերին   տօնն է թարգմանչաց Մեսրոպ Մաշտոցի, Սահակ Կաթողիկոսի եւ բոլոր 75 թարգմանիչներուն. Կարեւոր տօնակատարութիւն մըն է հայ ծէսին համար։

Թարգմանիչները հանդիսացան երկրորդ լուսաւորիչները հայ ազգին. Անոնք է որ տարածեցին, հայերէն լեզուին հետ, քրիստոնէական հաւատքը երկրի ամէնէն հեռաւոր գաւառներուն մէջ իսկ։ Թարգմանիչները երկրորդ տօնակատարութիւն մըն ալ ունին հոկտեմբեր ամսոյն մէջ, ասոր համար հոկտեմբերը նուիրուած է հայ ծիսական աւանդութեամբ մեր թարգմանիչ սուրբ հայրերուն։

Երեքշաբթի 5  Սեպտեմբերին    տօնն է  Եզեկիէլ եւ Եզր  մարգարէներու  (հայ տօնացոյցի համաձայն)  նոյն օրը կը տօնենք նաեւ Զաքարիան Յովհաննէս Կարապետի հայրը։

 Հինգշաբթի օրը 7 Սեպտեմբերին `  կը յիշատակենք Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը, որ մեր ծէսին մէջ` երեք տօներ ունի։ Նոյն օրը կը յիշատակուի նաեւ Յոբ Երանելին, որ նշանաւոր է Սուրբ Գրքի մէջ իր համբերութեամբ. օրուայ ընթերցուածը կը յիշէ զինք եւ կը ներկայացնէ որպէս օրինակ երկայնմտութեան ու համբերատարութեան։ Յետ բազմաթիւ փորձանքներու զորս Աստուած թոյլ կու տայ որպէսզի քննէ անոր հաւատքը, Յոբ խոնարհաբար կ՛ընդունի Աստուծոյ կամքը եւ կը հպատակի

Ուրբաթ 8 Սեպտեմբերին, բոլոր եկեղեցիներու մէջ` տօնն է Սուրբ Կոյս Մարիամի Ծննդեան. Եկեղեցին որոշած է Աստուածամօր Անարատ Յղութեան եւ Ծննդեան թուականները, հետեւելով հին Սուրբ Հայրերու Աւանդութեան։ Ինչպէս Յիսուսի Ծննդեան թուականները, նոյնպէս ալ Աստուածածնայ յղութեան ու ծննդեան թուականները յայտնի չեն առաքելական դասուն. Հետագային յարմարցուած թուականներ են։

Աստուածածնայ Ծննդեան տօնը յատուկ յիշատակի արժանի է, մանաւանդ հայ կաթողիկէ ծիսարանի մէջ, որովհետեւ այդ օրն է որ, 8 սեպտեմբեր 1701-ին, Կ.Պոլսոյ մէջ, իր շուրջը հաւաքելէ ետք 8 աշակերտներ, Մխիթար Սեբաստացի հիմնեց իր Միաբանութիւնը, զոր նախապէս նուիրած էր Աստուածածնի. Իր մահէն ետք է որ իր աշակերտները կոչուեցան Մխիթարեաններ։

Շաբաթ 9 Սեպտեմբերին  տօնն է Նիկիոյ Ս. Ժողովի 318 հայրապետներուն։

Կիրակի 10 Սեպտեմբերը՝ Վերափոխման  Դ.կիրակին  է , բարեկենդան եւ ապա պահք Խաչի։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.