2017-09-02 12:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը ''Korean Council of Religious Leaders'' խորհուրդի անդամներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 2 սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունելէ ետք Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը` կարդինալ Մարք Ուելլէն, Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիոյ դեսպանը` հրաժեշտի այցի առթիւ, ու կարգ մը Պապական Նուիրակներ, ունկնդրութիւն շնորհեց “Korean Council of Religious Leaders” խորհուրդի անդամներուն ու այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ նշեց թէ անոնք երկար ճանապարհ կատարած են իրենց միջ կրօնական ուխտագնացութիւնը կատարելու ու հասնելու Հռոմ։ Ան ապա մէջբերեց Սէուլի մէջ  2014-ի օգոստոս 18-ին, Կրօնապետերու հետ ունեցած մէկ հանդիպումի ընթացքին արտասանած խօսքը­, ուր հաստատած էր թէ ''կեանքը երկար ճանապարհորդութիւն մըն է, ճանապարհորդութիւն մը որ կարելի չէ միայնակ կատարել։ Հարկաւոր է քալել եղբայրներուն հետ Աստուծոյ ներկայութեամբ'', ապա ընդգծեց կրօններու միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը, որ հաճելի է Աստուծոյ­, ու հիմնուած ըլլալու է շփումներու, հանդիպումներու ու համագործակցութեան վրայ` ի սպաս հասարակաց բարիքին ու խաղաղութեան։ 

''Երկխօսութիւնը որուն կարիքը ունինք պէտք է ըլլայ բաց եւ յարգալիր­, որպէսզի դառնայ պտղատու'' ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ աշխարհը այսօր ''կը նայի մեզի ու մեզ կը խրախուսէ համագործակցիլ իրար հետ ու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց ու կիներու հետ։ Աշխարհը մեզմէ կը պահանջէ պատասխաններ ու բաժնեկցուած յանձնառում` հայող զանազան նիւթերու. Մարդու սուրբ արժանապատուութիւնը, անօթութեան ու աղքատութեան հարցը որ տակաւին կը հարուածէ  բազմաթիւ ժողովուրդներ, բռնութեան մերժումը, յատկապէս ան որ կը սրբապղծէ Աստուծոյ անունը ու մարդկային հոգեւորութիւնը, անարդարութիւններ յառաջացնող կաշառակերութիւնը, բարոյական անկումը, ընտանիքի տագնապը, տնտեսութեան եւ բնապահպանութեան տագնապը եւ ի վերջոյ նաեւ յոյսի տագնապը''։

''Մեր առջեւ ունինք երկար ճանապարհորդութիւն մը զոր պէտք է իրագործենք խոնարհութեամբ ու հետեւողականութեամբ'' հաստատեց ապա Քահանայապետը թելադրելով այս ուղղութեամբ սերմանել  ապագայի յոյս` օգնելու համար մարդուն դառնալու աւելի մարդկային ու ձգտելու ապագայի մը ուր լսելի ըլլան ձայներն անոնց որոնք կը մերժեն պատերազմը ու կը հայցեն մարդոց, հասարակութիւններու­, ազգերու ու պետութիւններու միջեւ ներդաշնակութիւն''։ 

ճառին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց Կրօնապետերու պարտականութիւնը ըլլալու խաղաղութեան մունետիկներ, որդեգրելով ոչ բռնութեան վարուելակերպ, խաղաղութեան վարուելակերպ, խօսքերով` որոնք կը տարբերին վախի պատմութիւններէն ու գործերով` որոնք կ՛ընդդիմանան ատելութեան հռետորութեան։ 

Սիրելի բարեկամներ թող որ այս մեր հանդիպումը մեզ վերահաստատէ այս ճանապարհորդութեան մէջ, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, նշելով թէ հաճոյքով կը յիշէ Քորէա կատարած առաքելական այցելութիւնը­, ու թէ չի դադրիր բոլոր Քորէացիներուն համար Աստուծմէ հայցելու խաղաղութեան ու եղբայրական հաշտութեան շնորհքը։

Այդ բարեկամութեան յիշատակը ու յիշատակը այն բարիքներուն զոր ընդունեցանք փոխադարձաբար մէկը միւսէն, մեզի ուժ պարգեւեն յառաջ ընդանալու միասին, Աստուծոյ օգնութեամբ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր ճառը։








All the contents on this site are copyrighted ©.