ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Գիտելիքի օրուան առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է, ուր մասնաւորապէս նշուած է.
«Յարգելի՛ ուսուցիչներ, դասախօսներ եւ ծնողներ,
«Սիրելի՛ աշակերտներ եւ ուսանողներ,
«Կը շնորհաւորեմ ձեզ Գիտելիքի օրուան առիթով:
«Սեպտեմբեր 1-ին կը տրուի ուսումնական տարուան մեկնարկը, եւ այդ պահէն մեր ողջ երկիրը կը սկսի ապրելու նոր` առանձնայատուկ ռիթմով ու տեմպով: Այս օրը յատկապէս բացառիկ է անոնց համար, որոնք առաջին քայլերը պիտի ընեն դէպի դպրոց եւ պիտի բացայայտեն գիտելիքներու նոր ու զարմանահրաշ աշխարհներ:
«Գիտելիքի կարեւորութեան գիտակցումը այսօր անվիճելիօրէն առկայ է թէ՛ իւրաքանչիւր ընտանիքի եւ թէ՛ ողջ հասարակութեան մէջ: Կարեւոր կը համարեմ, սակայն, Հայաստանի կրթական համակարգի կատարելագործման ուղղուած բարեփոխումներու եւ անոնց ընթացքի մասին լուրջ հասարակական քննարկումները, քանի որ ժամանակները ու անոնց պահանջները անընդհատ կը փոփոխուին, իսկ մենք միշտ պէտք է ըլլանք արդիական:
«Մեր աշակերտներուն եւ ուսանողներուն յաջողութիւնները միջազգային մրցասպարէզներու մէջ, ի հարկէ, մեզ կ՛ոգեւորեն եւ կը յուշեն, որ ճիշտ ճանապարհի վրայ ենք, բայց մեզի համար աւելի կարեւոր է կրթութեան համընդհանուր մակարդակի բարձրացումը: Անհրաժեշտ են դպրոցներու եւ համալսարաններու այնպիսի շրջանաւարտներ, որոնք մրցունակ պիտի ըլլան եւ իրենց տեղը պիտի գտնեն կեանքի ու աշխատանքի մէջ:
«Կը մաղթեմ, որ բոլորս միասին զինուինք նոր գիտելիքներով եւ դառնանք աւելի ուժեղ, քանի որ «գիտելիքը ուժ է»»:
All the contents on this site are copyrighted ©. |