2017-09-01 10:03:00

Տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարին կից հասարակական խորհուրդի նիստը:


31 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարին կից հասարակական խորհուրդի հերթական նիստը` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ: Խորհուրդի նիստին իբրեւ անդամ կը մասնակցէր նաեւ «Ազդակ»-ի տնօրէնը:

Նիստին ընթացքին ներկայացուեցան կարգ մը զեկուցումներ: «Հայ համայնքներու կրթական-մշակութային խնդիրներու լուծման ուղղուած ծրագիրներ» նիւթին մասին զեկուցեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի  ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեանը: Սփիւռքի նախարարութեան «Տեղեկատուական եւ ուսուցողական կայքերու մշակման եւ սպասարկման ծառայութիւններ» ծրագիրի կատարման ընթացքին մասին զեկուցեց Տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան: Սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի գործունէութեան մասին զեկուցեց «Հայերն այսօր»-ի գլխաւոր խմբագիր Լուսինէ Աբրահամեան:

Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի, Ռուսիոյ հայերու միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հետ յայտարարուած գիտական եւ ստեղծագործական լաւագոյն աշխատանքներուն համահայկական հերթական «Մրցանակաբաշխութիւն 2016»-ի արդիւնքներուն վերաբերեալ զեկուցում ներկայացուց Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի եւ Ռուսիոյ հայերու միութեան փոխնախագահ Վլատիմիր Աղայեան:

Ամփոփելով նիստը` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը կարեւոր նկատեց սփիւռքեան կառոյցներու եւ անհատներու  մասնակցութիւնը նախարարութեան ծրագիրներուն,  համահայկական մրցանակաբաշխութեան:

Նախարարը անդրադարձաւ 18-էն 20 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ  տեղի ունենալիք «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» Հայաստան-սփիւռք հերթական 6-րդ համահայկական համաժողովի աշխատանքներուն, կազմակերպական եւ բովանդակային հարցերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.