2017-09-01 07:48:00

Կարդինալ Թուրքսոն Ասդանայի մէջ. Ուժանիւթը՝ ի սպաս հասարակաց բարիքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ասդանայի  ԷՔՍՓՕ 2017 ձեռնարկին առթիւ Մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան ժողովի կառավարիչը՝ կարդինալ Փիթեր Ափփիա Թորքսոն` 30 օգոստոսէն - 4 սեպտեմբեր 2017-ին կը գտնուի  Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասդանայի մէջ, ուր կը մասնակցի ԷՔՍՓՕ 2017 ձեռնարկին առթիւ կազմակերպուած մի քանի հանդիպումներուն որոնց շարքին էր նաեւ միջ կրօնական մէկ հանդիպում մը նուիրուած խաղաղութեան եւ արարչութեան պաշտպանութեան։

31 օգոստոսին տեղի ունեցած սոյն հանդիպումի ընթացքին ունեցած ելոյթին մէջ Կարդինալ Թուրքսոն զգուշացուցած է մոլորակին սպառնացող վտանգներէն, որոնք յաճախ, ըսած է Ան, յառաջ կու գան  կենսամիջոցներու անարդար բաշխումի հետեւանքէն, ներառեալ ուժանիւթը։ Մենք որպէս Կրօնապետեր, ըսած է Կարդինալը, չենք կրնար լուծումներ առաջարկել, սակայն կարող ենք հաւատքէն ներշնչուած նոր տեսութիւն մը պարգեւել աշխարհին։ Մոլորակի ամէն մէկ հաւատացեալ պէտք է վերատեսէ իր ապրելակերպը։ Ան պէտք է վերագտնէ Աստուծոյ նկատմամբ երախտապարտութեան զգացումը­, Անոր մեզի շնորհած բազմաթիւ պարգեւներուն համար, օդը, հովը, ջուրը, կրակը­ կերակուրը.... Հարկաւոր է վերագտնել երկրին կենսամիջոցներու օգտագործման զուսպ վարուելակերպ, որ պէտք է ներշնչուի երկրի բարիքներու սահմանումի տիեզերական սկզբունքէն, որպէսզի զանոնք բաժնեկցինք մարդկային ընտանիքին հետ, ու անոնց նկատմամբ ունենանք մեծ պատասխանատուութիւն'' ըսած Մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան ժողովի կառավարիչը իր ելոյթին մէջ։

Նշենք թէ  Ասդանայի Էքսփօ 2017 ձեռնարկին որ այս տարի նուիրուած է «ապագայի ուժանիւթ» նիւթին ի շարս աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու, Սուրբ Աթոռը եւս իր մասնակցութիւնը բերած է «Ուժանիւթը ընդհանուր բարիքին ի նպաստ։ Հոգատար մեր հասարակաց տան» տաղաւարով։








All the contents on this site are copyrighted ©.