2017-08-31 12:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Լիմայի Սրբուհի Ռոզայի յոբելենական տարւոյն փակման առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) 30 օգոստոս 2017-ին, Քահանայապետի յատուկ Պատուիրակ` Կարդիանլ Ռաուլ Էտուարտօ Վելա Քիրիպոկայի Փերուի մէջ մատուցած հանդիսաւոր սուրբ պատարագի մը արարողութեամբ, փակումը կատարուեցաւ Լիմայի Սրբուհի Ռոզայի մահուան 400-րդ տարեդարձի յոբելենական տարւոյն։

Արարողութեան ընթացքին ընթերցումը կատարուեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին այս առթիւ յղած մէկ պատգամին որուն մէջ Ան կը խրախուսէ Փերուի հաւատացեալները մեծ ջերմեռանդութիւն ունենալու Լիմայի Սրբուհի Ռոզայի նկատմամբ որպէսզի Ան` Լիմայի Արքեպիսկոպոսական թեմին, Փերուին ու համայն աշխարհին համար ընդունի յորդառատ շնորհքներ։

Պատգամին մէջ Քահանայապետը Լիմայի Սրբուհի Ռոզան կը ներկայացնէ ''մանկութենէ սկսեալ Տիրոջ բարեկամ'' որ ոգեւորուած Սուրբ Կոյսի տիպարէն եւ Սիենայի Սրբուհի Կատարինէի օրինակէն, իր կեանքը ամբողջութեամբ նուիրեց Աստուծոյ դառնալով Տոմինիքեան միաբանութեան անդամ։

Պատգամին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը շեշտը կը դնէ ապա Սրբուհի Ռոզայի համայն արարչութեան նկատմամբ ունեցած սիրոյն վրայ։

Աւազանի անունով Իզապել, Սրբհուի Ռոզան ծնած է Լիմայի մէջ 20 ապրիլ 1586-ին, մեծաթիւ զաւակներով ընտանիքի մը յարկին տակ։ Մանուկ հասակէն կը ներշնչուի Սիենայի Սրբուհի Կատարինէի օրինակէն ու 20 տարեկանին կ՛անդամակցի Տոմինիքեան միաբանութեան երրորդ Կարգին։

Հօրենական տան մէջ սկիզբ կու տայ կարիքաւորներու խնամակալութեան գործունէութեան,  խնամք  տանելով մանուկներուն ու առանձին ծերունիներուն։ 1609էն սկսեալ` հօրենական տան պարտէզին մէջ կառուցուած  փոքրիկ խցիկի մը մէջ կը քաշուի ու կեանքի մնացած օրերը կը նուիրէ աղօթքի։ Ան իր մահկանացուն կը կնքէ 24 օգոստոս 1617-ին։ Կղէմէս Ժ Քահանայապետը` 1671-ին զայն կը դասէ Սուրբերու շարքին։ Լիմայի Սրբուհի Ռոզան  պաշտպան Սրբուհին է Փերուի, Նոր Աշխարհի եւ Ֆիլիփինեան Կղզեխումբին։








All the contents on this site are copyrighted ©.