2017-08-31 14:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հոգեւոր մօտիկութիւնը ''Հարվէյ'' Փոթորիկի թիրախ զոհերուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 31 օգոստոս 2017-ին Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Ֆրնաչիսկոս Պապին անունով զօրակցական պատգամ մը յղեց Կարվըսթոն-Հիուսթոն թեմի առաջնորդ եւ Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` Կարդինալ Տանիել Տի Նարտոյին որուն մէջ յայտնեց Քահանայապետին ''հոգեւոր մօտիկութիւնը'' բոլոր անոնց որոնք թիրախ դարձան այս օրերուն Միացեալ Նահանգները հարուածող Փոթորիկին։

Վատիկանի Պետքարտուղարը ապա նշեց թէ Քահանայապետը ''խորապէս ազդուած''  է  ''բնական այդ աղէտի'' պատճառած նիւթական աւերներուն եւ մարդկային կեանքի կորուստներուն ի տես։ Կարդինալ Փարոլին ապա վստահեցուցած է Սրբազան Քահանայապետին աղօթքները` ըլլայ զոհերուն, ըլլայ անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք փրկարարական եւ շտապ օգնութեան գործերով կը զբաղին, մաղթանք յայտնելով որ փոթորիկի թիրախ անհատներու եւ հասարակութիւններու շտապ պահանջները` փոխադարձ օգնութեան ու զօրակցութեան լայնածաւալ ալիք մը ներշնչեն։ Այս զգացումներով Սրբազան Քահանայապետը բոլորին կ՛ուղարկէ իր օրհնութիւնը որպէս խթան մխիթարութեան, ուժի ու Տիրոջ մէջ խաղաղութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.