2017-08-31 08:45:00

Եւրոպայի քրիստոնեաները միացած՝ ''Արարչութեան Պահպանումի խնամակալութեան'' ի խնդիր։


(Ռատիօ Վատիկան) Բողոքական վերանորոգումի 500րդ տարեդարձին առթիւ, Կաթողիկէներ եւ Բողոքականներ` 1 սեպտեմբերէն 4 հոկտեմբեր միասին կը նշեն ''Արարչութեան Ժամանակաշրջանը'' որուն ընթացքին աշխարհի մէջ պիտի կատարուին աղօթքներ նուիրուած արարչութեան ու պիտի իրականացուին ձեռնարկներ անոր պահպանումի եւ խնամքի ուղիով։

''Արարչութեան Ժամանակաշրջանը'' ծրագիրը կը վայելէ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա-ի ինչպէս նաեւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի եւ Անկլիքան Եկեղեցւոյ աջակցութիւնը։

Ծրագիրի ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան համայն աշխարհի մէջ, ինչպէս է պարագան Ֆիլիփինեան կղզեխումբին ուր Կարդինալ Թակլէն յատուկ պատարագ պիտի մատուցէ կենսոլորտի պահպանումի դիտաւորութեան, ապա Զուիցերիա` ուր նախատեսուած է Անկլիքան եկեղեցւոյ մէկ արարողութիւնը ''ապականած'' ջուրի հոսքի մը մօտ­, հուսկ Միացեալ Նահանգներ ուր կրօնաւորներ աղօթք պիտի բարձրացնեն առ Աստուած ''շողարձակ'' գօտիի մը տարածքին։ Ձեռնարկներու ամբողջական ծրագիրը կարելի է գտնել հետեւեալ հասցէին http://it.seasonofcreation.org/։

''Արարչութեան Ժամանակաշրջանը'' ծրագիրը կը նախատեսէ նաեւ յատուկ եւ խորհրդանշական պահեր որոնց շարքին նշենք.
 Սեպտեմբեր մէկին Ասսիզիի մէջ Ասսիզի թեմին եպիսկոպոսը գերապայծառ Տոմենիքօ Սորրենթինօ եւ Կուպիոյի թեմին եպիսկոպոս` գերապայծառ Մարիօ Չեքքոպելլին տեղական հասարակութեան հետ միասին պիտի յիշատակեն երիտասարդ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի արարքը` երբ ան մերկացաւ ամէն ինչէ որպէսզի ամբողջութեամբ նուիրուի Աստուծոյ եւ եղբայրներուն։ Այս առթիւ տեղի պիտի ունենայ նաեւ հետիոտն ուխտագնացութիւն մը Ասսիզիէն մինչեւ Կուպիօ ուր այս տարի Իտալիոյ Եկեղեցին պաշտօնապէս պիտի նշէ ''Արարչութեան պահպանումի օրը''։ Սոյն ձեռնարկը կ՛ուզէ յատկանշել հրատապ անհրաժեշտութիւնը մերկանալու դրամ աստուածէն որ կը յառաջացնէ պատերազմներ, անարդութիւններ, անհաւասարութիւն եւ կլիմայական փոփոխութիւններ, ապա ներդրումներ կատարել երկխօսութեան ու խաղաղութեան քաղաքականութեան ուղիով, ինչպէս նաեւ վերանորոգուող ուժանիւթի ու տեղական կայուն զարգացումի ուղիով որ աշխատանք ու արժանապատուութիւն կը պարգեւէ։

23 սեպտեմբեր 2017-ին Իտալիոյ Քազերթա քաղաքի Սուրբ Միքայել Պազիլիքաի մէջ Քազերթայի եպիսկոպոս գերապայծառ Ճովաննի Տ՛ալիչէի ու Քամփանիա նահանգի այլ եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ յատուկ ձեռնարկ մը որուն ընթացքին Իտալիոյ տարբեր նահանգներէն տոպրակ մը հող պիտի բերուի ու պիտի դափուի տուփի մը մէջ ուր պիտի տնկուի ծառ մը յատկանշելու համար երկրին ճիչն ու աղաղակը որ կարող է վերածնիլ։  Հուսկ նախատեսուած է հսկում` նախագահութեամբ Նափոլիի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Քրեշենցիօ Սեփէի որուն ընթացքին Քամփանիա նահանգի եկեղեցական բոլոր թեմերէն պիտի բերուին այդ թեմերը ներկայացնող պատկերներ որոնք պիտի զետեղուին միասին ու պիտի կազմեն մէկ համապատկեր որպէս յանձնառում պահպանելու հասարակաց տունը։ 

Հուսկ 24 սեպտեմբերն Թեզէի համամիութենական հասարակութեան մօտ տեղի պիտի ունենայ մէկ ձեռնարկ ''Հաղորդութիւն համապատասխանելու համար աղքատներու եւ հողին աղաղակին''բնաբանով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.