2017-08-31 11:42:00

''Երուսաղէմի եւ Հռոմի միջեւ'' հռչակագիր։ Ֆրանչիսկոս Պապին Ռաբբունապետերուն ուղղած խօսքը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 31 օգոստոս 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով վատիկան ժամանած խումբ մը Ռաբբունապետեր որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին ''Երուսաղէմի եւ Հռոմի միջեւ'' հռչակագիրի ստորագրութեան արարողութեան, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց հաստատելով թէ ''մեր միասնական ուղեւորութեան ընթացքին, Ամենակալին բարեսիրութեան շնորհիւ, կ՛ապրինք երկխօսութեան բեղուն պահ մը, եւ այս ուղղութեամբ է որ կ՛ընթանայ նաեւ ''''Երուսաղէմի եւ Հռոմի միջեւ'' հռչակագիրը որ այսօր կ՛ընդունիմ ձեր ձեռքերէն''։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մատնանշեց թէ ինչպէս վերոնշեալ հռչակագիրը հիմնուած է Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի հրեայ աշխարհին հետ երկխօսութեան հայող ''Nostra aetate'' հռչակագիրի վրայ, որ ի յայտ կը դնէ թէ քրիստոնէական հաւատքի սկիզբը կը գտնուի Պատրիարքներու, Մովսէսի ու մարգարէներու մէջ, որոնք կը կազմեն Քրիստոնեաներու եւ Հրեաներուն միասնական ժառանգութիւնը։ Սրբազան Հայրը ապա նշեց թէ վերջին տասնեակներուն պտղաբեր երկխօսութեան շնորհիւ կարելի եղաւ աւելիով իրարու մօտենալ, խորացել փոխադարձ ճանաչողութիւնը եւ ամրապնդել բարեկամութեան կապերը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ դիտել տուաւ թէ ''Երուսաղէմի եւ Հռոմի միջեւ'' հռչակագիրը­, չանտեսելով հանդերձ աստուածաբանական ու հաւատքի աւանդոյթի տարբերութիւնները, կը բացայայտէ վճռակամ կամքը միասին համագործակցելու` այսօր եւ ապագային։

Այդ թղթածրարին մէջ Կաթողիկէները կոչուած են համագործակից, մտերիմ դաշնակից, բարեկամներ ու եղբայրներ, աւելի լաւ աշխարհի մը միասնական փնտռտուքի մէջ, որ կարող ըլլայ վայելել խաղաղութիւն, ընկերային արդարութիւն եւ ապահովութիւն։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը լաւագոյն մաղթանքներ ուզեց փոխանցել Ռաբբունապետերուն ու անոնց հասարակութիւններու հրէական նոր տարուան առթիւ որ սկիզբ պիտի առնէ, ըսաւ Ան, մի քանի շաբաթէն. ''Շանա Թաուա – Շնորհաւոր Նոր Տարի'' յարեց Սրբազան Քահանայապետը ներկաներէն խնդրելով որ զինք յիշեն իրենց աղօթքներուն մէջ ապա հայցեց Բարձրեալին օրհնութիւնները` բարեկամութեան ու վստահութեան միասնական ճանապարհորդութեան վրայ ու խօսքը եզրափակեց ըսելով ''Իր ողորմածութեամբ Ամենակալը մեզի ու համայն աշխարհին պարգեւէ խաղաղութիւն։ Shalom alechem!։








All the contents on this site are copyrighted ©.