2017-08-31 09:22:00

Անյայտ կորածներու միջազգային օր. ԼՂ հակամարտութեան հետեւանքով կան անյայտ կորած 400 անձ


Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) պատրաստ է աջակցելու ԼՂ հակամարտութեան կողմերուն, որպէսզի անոնք անյայտ կորածներու ճակատագրի մասին տեղեկութիւններ հաւաքեն:

«Ընտանիքներու կարիքները ԿԽՄԿ-ի աշխատանքի առանցքներէն են», – կ՛ըսէ Հայաստանի մէջ ԿԽՄԿ-ի պատուիրակութեան ղեկավար Քարոլին Տույէզ: – Ընտանիքները իրաւունք ունին իմանալու իրենց հարազատներուն ճակատագրի մասին: Համաձայն միջազգային մարդասիրական իրաւունքի` սա պետութիւններու պարտաւորութիւնն է: Մենք պատրաստ ենք աջակցելու հակամարտող կողմերու պատրաստակամութեան յառաջադիմել այս կարեւոր մարդասիրական հիմնահարցի շուրջ: Երբեք ուշ կամ շուտ չէ աշխուժացնել ջանքերը այս ուղղութեամբ»:

Այս մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի մէջ ԿԽՄԿ պատուիրակութենէն, որուն հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է. «Անյայտ կորածներու միջազգային օրը կը նշուի այսօր` նպատակ ունենալով իրազեկելու կառավարութիւնները, համայնքները, լրատուամիջոցները եւ աշխարհի հանրութիւնը հակամարտութիւններու եւ բռնութեան այլ իրավիճակներու հետեւանքով անյայտ կորածներու խնդիրներուն ու անոնց ընտանիքներուն կարիքներուն մասին: Ղարաբաղեան հակամարտութեան հրադադարէն 23 տարի անց անյայտ կորածներու հազարաւոր ընտանիքներ կը շարունակեն սպասել իրենց սիրելիներուն մասին լուրերու:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն` ԿԽՄԿ-ն, կ՛աջակցի հակամարտութեան կողմերուն անկախ միջնորդի իր առաքելութեամբ` պարզելու այդ մարդոց ճակատագիրը: Ղարաբաղեան հակամարտութեան առնչութեամբ կան աւելի քան 4500 անյայտ կորած զինուորական եւ քաղաքացիական անձիք, որոնք արձանագրուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ ԿԽՄԿ-ի պատուիրակութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առաքելութեան կողմէ: Անոնցմէ աւելի քան 400-ը արձանագրուած են Հայաստանի մէջ: 2014-էն կազմակերպութիւնը կը հաւաքէ ՏՆԹ նմուշներ անյայտ կորած անձերու մօտ արիւնակիցներէն: Նպատակն է պահպանել այս նմուշները, որոնք յետագային կրնան մեծցնել աճիւններու ինքնութիւնը պարզելու հաւանականութիւնը:

ԿԽՄԿ-ն կը տրամադրէ նաեւ բազմակողմանի աջակցութիւն անյայտ կորածներու ընտանիքներուն, օրինակ` կ՛օգնէ անոնց դառնալու տնտեսապէս աւելի կայուն, կողմնորոշուելու իրաւական կամ առողջական խնդիրներ լուծելու, ինչպէս նաեւ կ՛առաջարկէ ընկերա-հոգեբանական աջակցութիւն, կը կազմակերպէ յիշատակման ձեռնարկներ` փորձելով համախմբել համայնքները անոնց շուրջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.