2017-08-30 09:36:00

Հայաստան-Ռուսիա բարեկամութեան 20 ամեակ. Փութին շնորհաւորեց Սարգսեանը։


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է  Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին երկու երկիրներուն միջեւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին համաձայնագիրի կնքման 20-ամեակին առիթով: Այս մասին կը յայտնէ  Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:

Ուղերձին մէջ նշուած է, որ փաստաթուղթին ստորագրութիւնը քաղաքական երկխօսութեան ընդլայնման պայմաններ  ստեղծած է առեւտրական, տնտեսական, արհեստագիտական, մարդասիրական եւ այլ մարզերու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան որակեալ աճի համար:

Նախագահ Փութին բարձր գնահատած է ռուս-հայկական յարաբերութիւններու զարգացումը:

«Մոսկուան եւ Երեւանը արդիւնաւէտ ձեւով կը համագործակցին եւրասիական համարկումի հոլովոյթներուն շրջագիծին մէջ, կը համակարգեն ջանքերը` շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հասնելու նպատակով», նշուած է ուղերձին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.