2017-08-29 12:00:00

Կարդինալ Սիմոնի Քահանայապետի յատուկ նուիրակ Քալքութայի Մայր Թերեզայի եկեղեցւոյ օծման առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 15 Յուլիս 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որպէս իրեն յատուկ նուիրակ նշանակած էր Կարդինալ Էրնէսթ Սիմոնին գլխաւորելու  համար յառաջիկայ 5 սեպտեմբերին Փրիսթինայի մէջ նախատեսուած Քալքութայի Սրբուհի Մայր Թերազայի նուիրուած եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը։

Ալպանացի 88 ամեայ Կարդինալ Սիմոնի կարդինալական տիտղոսը ստացած է Ֆրանչիսկոս Պապին ձեռքով՝ 2016-ի նոյեմբեր 19-ին։ Ան այս առթիւ յայտարարած էր թէ այդ անուանումը  պարգեւ է համայն Ալպանիցիներուն որոնք տարիներ ամբողջ չարչարուեցան ու հալածուեցան իրենց հաւատքին ու Յիսուսը վկայելուն համար։

Նշենք թէ յառաջիկայ 4 սեպտեմբերին կը նշուի Քալքութայի Սրբուհի Մայր Թերեզայի սրբադասման առաջին տարեդարձը, մինչ յաջորդ օր՝ 5 սեպտեմբերին կը նշուի անոր մահուան 20-րդ տարեդարձը, որուն առթիւ Փրիսթինայի թեմը անոր կը նուիրէ Եկեղեցի մը։  Քալքութայի Սրբուհի Թերեզան ծնած է Սքոփիէ 26 օգոստոս 1910-ին ու իր մահկանացուն կնքած է Քալքութայի մէջ 5 սեպտեմբեր 1997-ին։ Ան ճանչցուած է որպէս աղքատներու մէջ ամէնէն աղքատներուն ծառան։

Մայր Թերեզա նկատուած է  աշխարհի ամենահեղինակաւոր  կիներէն մին: Անոր  կեանքն ու գործունէութիւնը  մեծ  հետք ձգած են   մարդկութեան պատմութեան վրայ: «Արմատներով եւ արիւնով Ալպանացի եմ:  Քաղաքացիութեամբ՝ հնդիկ:  Կաթողիկէ  միանձնուհի եմ:  Կոչումով՝ համայն աշխարհին կը պատկանիմ: Սրտով կը  պատկանիմ Յիսուսի սրտին»:Ահաւասիկ , քանի մը տողերու մէջ  Մայր Թերեզայի  հաւատոյ   հանգանակը՝իր իսկ արտայայտութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.