2017-08-29 09:36:00

2000 զինուորներ պիտի մասնակցին Թեքսասի մէջ փրկարարական գործողութիւններուն


Ամերիկեան իշխանութիւններուն որոշումով շուրջ 2000 զինուորներ պիտի մասնակցին Թեքսասի մէջ «Հարվի» փոթորիկին պատճառով ջուրով ողողուած տուներուն մէջ փնտռտուքի եւ փրկարարական աշխատանքներուն:

Ամերիկեան իշխանութիւնները հաստատեցին, որ Թեքսաս նահանգի հարաւային ծովափը հարուածած փոթորիկին պատճառով արձանագրուած է հինգ զոհ:

«Հարվի»-ն վերջին 12 տարիներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգները հարուածած ամէնէն ուժեղ փոթորիկն էր: Իշխանութիւնները զգուշացուցած էին, որ առատ անձրեւին պատճառով աղէտալի ողողումներ կրնան տեղի ունենալ:

Ապահովագրական տեղեկութիւններու հիմնարկը յայտնեց, որ տակաւին կանուխ է փոթորիկին պատճառած վնասներու ճշգրիտ գնահատականը կատարելու:

Միւս կողմէ, «Տը Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ Թեքսաս նահանգի քաղաքներէն Հիուսթընի քաղաքապետ Սիլվեթսըր Թըրնըր պաշտպանած է ջուրի տակ յայտնուած քաղաքին բնակչութիւնը չհեռացնելու իր որոշումը` յայտնելով, որ չի զղջար այս գծով: Ան նշած է, որ ոչ ոք ծանօթ էր փոթորիկին ուղղութեան, այդ պատճառով ալ անկարելի էր մարդիկ հեռացնել վտանգի գօտիէն:

«Կարելի չէ Հիուսթըն քաղաքին մէջ 2,3 միլիոն մարդ փողոց հանել: Ատիկա վտանգաւոր է: Եթէ կը կարծէք, որ իրավիճակը այժմ վատ է, պատկերացուցէք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլար, եթէ հեռանալու հրաման տրուէր. այդ ժամանակ մղձաւանջ պիտի ըլլար», ըսած է Թըրնըր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Ան յիշեցուցած է 2005-ին «Ռիթա» փոթորիկին ժամանակ Հիուսթընի բնակչութեան հեռացման փորձը, որուն պատճառով խճողումներ յառաջացած էին եւ 100 զոհ արձանագրուած:

«Ճիշդ է, որ մենք մեծ քանակութեամբ անձրեւ կ՛ակնկալէինք, սակայն մարդոց համար լաւագոյն վայրը իրենց տուներուն մէջ մնալն է», ըսած է ան:

Հիուսթըն յայտնուած է աղէտալի ողողումներու տակ: Որոշ վայրերու մէջ վերջին 72 ժամուան ընթացքին մեծ քանակութեամբ անձրեւներ արձանագրուած են, եւ ըստ օդերեւութաբաններու նախատեսութեանց, տեղատարափ անձրեւը պիտի շարունակուի մինչեւ ուրբաթ:

Հիուսթընի արտակարգ իրավիճակի ծառայութիւնները արձագանգած են բնակիչներու հազարաւոր օգնութեան կանչերու:

Իշխանութիւնները մարդոց կոչ ուղղած են չվերադառնալու Արանզաս շրջան, որուն նախապէս հարուածած էր փոթորիկը: Արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնները կը շարունակեն այդտեղ կորսուած անձերու փնտռտուքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.